Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ամանորեայ Մաղթանքի Խօսքը

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան Ամանորեայ Մաղթանքի Խօսքը

by MassisPost

Կը թեւակոխենք 2022 թուականը՝ համակուած նոյն մտահոգութեամբ, որ ունէինք անցեալ տարեմուտին՝ ի տես պսակաձեւ ժահրի համաճարակի նոր ալիքին, որ կը սպառնայ խաթարել բնականոն կեանքի վերադառնալու այնքան սպասուած յոյսը:

Այս օրերուն, հայրենիքը կը գտնուի դէմ-յանդիման արցախեան պատերազմին հետեւանքով ստեղծուած տարածաշրջանային նոր իրողութեան եւ անկէ բխող բարդ գործընթացներու, որոնք Հայաստանի եւ Արցախի համար կը պարունակեն նոր հնարաւորութիւններ, սակայն նաեւ լուրջ վտանգներ: Կամայ թէ ակամայ, ճակատագրական որոշումներու պահը հասած է եւ այսօր, աւելի քան երբեք, հայրենիքը պէտք ունի ներքին կայունութեան ու համախմբուածութեան՝ դիմակայելու համար բազում մարտահրաւէրները։

Միւս կողմէ, Սփիւռքի տարբեր գաղութներ կը բոլորեն դժուար ժամանակներ։ Կը շարունակուին Սուրիոյ եւ Լիբանանի քաղաքական ու տնտեսական տագնապները, եւ հակառակ դժուարին պայմաններուն՝ շրջանի հայութիւնը կը շարունակէ ապրիլ կենսունակ ազգային կեանքով: Իսկ անոնք, որոնք ստիպուած կ’ըլլան բռնել գաղթի ճամբան, բարեբախտաբար կը նախընտրեն տեղափոխուիլ Հայաստան՝ հոն տեսնելով իրենց ընտանիքին եւ զաւակներուն ապագան։

Այս տարի, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը հպարտօրէն կը նշէ իր 135-ամեակը: Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իր հաստատակամ երթը հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի ծառայութեան մէջ եւ անշեղօրէն կը մնայ հաւատարիմ իր գաղափարախօսութան եւ սկզբունքներուն։

Նոր Տարուան եւ Ծննդեան տօներուն առիթով, մեր հայրենիքին կը մաղթենք խաղաղ եւ բարեբեր օրեր, իսկ մեր հայրենակիցներուն՝ առողջութիւն եւ երջանկութիւն:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն
01/01/2022

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment