Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը Այս Տարի Ծրագրուածէն 146 Միլիառ Դրամ Աւելի Շատ Հարկ Ու Տուրք Հաւաքած Է

Կառավարութիւնը Այս Տարի Ծրագրուածէն 146 Միլիառ Դրամ Աւելի Շատ Հարկ Ու Տուրք Հաւաքած Է

by MassisPost

Սա թոյլ տուած է նախատեսուածէն աւելի շատ ծախսեր կատարել եւ պետական ծախսերու ժամանակ աւելի քիչ դիմել վարկերու օգնութեան եւ ծրագրուածէն երկու անգամ աւելի շատ գումար յատկացնել Արցախին։

«Այս տարի յաջողուել է 146 միլիառ դրամով կամ աւելի քան 300 միլիոն տոլարով աւելի շատ հարկ ու տուրք հաւաքել, քան ծրագրուած էր 2021 թուականի պետպիւտճէով։ Սա թոյլ է տուել նախատեսուածից աւելի շատ ծախսեր կատարել, պետական ծախսերի ժամանակ աւելի քիչ դիմել վարկերի օգնութեանը եւ ծրագրուածից երկու անգամ աւելի շատ գումար յատկացնել Արցախին», այս մասին յայտարարուեցաւ այսօր՝ Դեկտեմբեր 30-ի կառավարութեան այս տարուայ վերջին նիստին։

Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ՝ Ռուստամ Բադասեան յիշեցուց, որ 2021 թուականի պետական պիւտճէով նախատեսուած էր հաւաքել 1 թրիլիոն 440 միլիառ դրամ հարկ ու տուրք. – «Այս թիւը Դեկտեմբերի 30-ի դրութեամբ գերակատարուել է 146 միլիառով, այսինքն՝ մենք կատարել ենք եկամտային հատուածը 1 թրիլիոն 586 միլիառ։ Սա Դեկտեմբերի 30-ի դրութեամբ։ Այսօր եւս ակնկալւում են մուտքեր։ Եւ վերադարձի ցուցանիշներն են նաեւ զգալի եւ մրցանիշային այս տարուայ համար։ Մենք վերադարձրել ենք 182 միլիառ հարկ վճարողներին, աւելացուած արժէքի հարկի գծով է հիմնականում։ Այսօր նախատեսում ենք վերադարձնել եւս 3 միլիառ»։

Ըստ Բադասեանի, պատերազմ, քովիտ ու, ի վերջոյ, տնտեսական անկում տեսած 2020 թուականի համեմատ, այս տարի 200,5 միլիառ դրամով աւելի շատ հարկ ու տուրք հաւաքած են, իսկ 2019-ի համեմատ՝ 121,4 միլիառ դրամով։

Ելեւմուտի նախարար՝ Տիգրան Խաչատրեան շարունակեց, թէ եկամուտներու նման աճը թոյլ տուած է այս տարի պետական պիւտճէէն կատարած 1 թրիլիոն 935 միլիառ դրամի ծախսեր, թէեւ նախատեսուած էր 1 թրիլիոն 850 միլիառ դրամ. – «Մենք 2021 թուականի ընթացքում, բացի ծախսերը առնուազն 85 միլիառ դրամով աւել կատարելուց, Արցախին նախատեսուած 64 միլիառ դրամի փոխարէն փաստացի յատկացրել ենք 128 միլիառ դրամ փոխառութիւններ, որը կրկնակի է գրեթէ»։

Միւս տարուայ պետական պիւտճէով նախատեսուած են աւելի մեծ թիւեր. ծրագրուած է հաւաքել 1 թրիլիոն 843 միլիառ դրամ հարկ ու տուրք, այսինքն՝ 257 միլիառ դրամով կամ 530 միլիոն տոլարով աւելի, քան այս տարի։ 2022 թուականի պետական պիւտճէի ծախսերը նախատեսուած են 2 թրիլիոն 184 միլիառ դրամ կամ աւելի քան 4,5 միլիառ տոլար՝ ամենամեծ պետական պիւտճէն 1991 թուականէն ի վեր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment