Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Հետքերով

Մամլոյ Ասուլիսի Մը Հետքերով

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր վերջին ասուլիսի ընթացքին բացաւ բազմաթիւ փակագիծեր` կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցով անցեալ տարիներուն տեղի ունեցած բանակցային գործընթացներու հետ: Վարչապետի կարգ մը բացայայտումները, որոնք կը վերաբերէին  Արցախի կարգավիճակին  արժանացան հակազդեցութեան ե՛ւ Ստեփանակերտի ե՛ւ Երեւանի մէջ:

Տասը տարի Հայաստանի նախագահի աթոռը գրաւած Ռոպերթ Քոչարեան, իր տարեվերջի ասուլիսի ընթացքին Վարչապետի խօսքերուն անդրադառնալով ըսած է թէ, «Հայաստանը իր ձեռքերը լուացած է Արցախէն»: Այս խօսքերը արտասանողը եղած է այն մարդը, որ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները դուրս մղեց բանակցային գործընթացէն, յայտարարելով որ, ինք ըլլալով Ղարաբաղի նախկին նախագահ իրաւունք ունի բանակցելու Արցախահայութեան անունով: Այդ օրէն ասդին, միջազգային ատեաներուն մօտ ղարաբաղեան հարցը վերածուեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքային հակամարտութեան, ինքնորոշման իրաւունքը դարձնելով երկրորդական, յատկապէս երբ 2008-ին Պաքու յաջողեցաւ ՄԱԿ-էն ներս վաւերացնել տալ բանաձեւ, ուր ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղը կը ճանաչուէր որպէս Ատրպէյճանի մաս, այլ եւ կը պահանջէր, որպէսզի Հայաստանը իր զօրքերը դուրս բերէ «գրաւեալ տարածքներէն»:

Ներկայ իշխանութիւնները  Զանգեզուրով միջանցք տրամադրելու պատրաստակամութեան մէջ մեղադրող Քոչարեանը, նոյն ասուլիսի ընթացքին հաստատած է որ, ինք եւ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հէյտար Ալիեւ 2001 թուականին, Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ Քի Ուեսթի մէջ մէկ շաբաթ տեւող բանակցութիւններու ընթացքին համաձայնած են Լաչինով դէպի Հայաստան միջանցքը փոխանակել Մեղրիով դէպի Նախիջեւան միջանցքին հետ: Բնականաբար եօթը շրջանները Ատրպէյճանի վերադարձնելէ ետք:

Իսկ, «իր ձեռքերը  Արցախէն լուացած» այսօրուայ իշխանութիւնները այս տարի աննախադէպ` աւելի քան 200 միլիոն տոլարի ֆինանսական օժանդակութիւն կը տրամադրէ Արցախի կառավարութեան, պատերազմի հետեւանքները յաղթահարելու եւ Հայութիւնը իր հողին վրայ պահելու նպատակով:

Անդրադառնալով  ներքին քաղաքականութեան Քոչարեան ըսած է թէ, Հայաստան դադրած է ըլլալ ժողովրդավարական եւ իրաւական պետութիւն: Այս խօսքերը նուազ քան ծիծաղելի որակելը դժուար է, երբ մտաբերենք Քոչարեանի օրով կատարուած տասնեակներով քաղաքական սպանութիւնները, «Հոկտեմբեր 27-ի» եւ «Մարտ 1-ի» սպանդները, Անկախ հեռատեսիլի ալիքներու` «Ա1-ի» եւ «Նոյան Տապանի» փակումը, բազմաթիւ լրագրողներ ու քաղաքական գործիչներ փողոցներու վրայ ծեծի ենթարկուիլը, հարիւրաւոր քաղաքական բանտարկեալներու առկայութիւնը, կեղծուած նախագահական ու խորհրդարանական ընտրութիւնները ու շարք տակաւին շատ երկար է: Եթէ Հայաստան իսկապէս դադրած ըլլար որպէս ժողովրդավարական պետութիւն, Քոչարեան պիտի չկրողանար իր հսկողութեան տակ պահել երկրի լրատուամիջոցներու մեծ մասը, ոչ ալ ազատօրէն վարել քաղաքական գործունէութիւն: Բան մը որ ան կը զլանար իր հակառակորդներուն:

Բարեբախտաբար, Հայաստանը ներկայիս կը դասուի ժողովրդավարական երկիրներու շարքին ու անոր շնորհիւ կը վայելէ Եւրոպական կառոյցներու համակրանքն ու օժանդակութիւնը, իսկ ժողովուրդը հասկանալով նախկին ու ներկայ իշխանութիւններուն միջեւ տարբերութիւնը, կը գուրգուրայ  2018-ին իր ձեռք ձգած ազատութեան վրայ եւ կը մերժէ վերադարձ` «քոչարեանական Հայաստան»:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment