Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Քաղաքացիական Օդագնացութիւնը Թոյլատրած Է Flyone Armenia-Ին Թռիչքներ Կատարել Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան Երթուղիով

Հայաստանի Քաղաքացիական Օդագնացութիւնը Թոյլատրած Է Flyone Armenia-Ին Թռիչքներ Կատարել Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան Երթուղիով

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան օդագնացութեան իշխանութիւնները թոյլատրած են Flyone Armenia ընկերութեան կատարել չարթըրային թռիչքներ Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան երթուղիով: Ի պատասխան «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան հարցին, այդ մասին յայտնեցին ընկերութեան խորհուրդէն: «Flyone Armenia ընկերութիւնն օրեր առաջ դիմել էր թէ Հայաստանի, թէ Թուրքիոյ օդագնացութեան իշխանութիւններին Երեւան-Սթամպուլ-Երեւան երթուղով չարթըրային չուերթներ իրականացնելու խնդրանքով: Շնորհակալ ենք Հայաստանի օդագնացութեան իշխանութիւններին հարցին դրական ընթացք տալու համար»,- ըսաւ ընկերութեան խորհուրդի նախագահ՝ Արամ Անանեան:

Ի պատասխան այն հարցին, թէ երբ կը սկսին թռիչքները, Անանեան ըսաւ, որ կը սպասեն Թուրքիոյ օդագնացութեան իշխանութիւններու թոյլտուութեան:

Դեկտեմբեր 16-ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած էր, որ Անգարան կը դիտարկէ Սթամպուլ-Երեւան-Սթամպուլ թռիչքներու բացման վերաբերեալ թրքական եւ հայկական օդնաւային ընկերութիւններու յայտերը: Իսկ Դեկտեմբեր 23-ին յայտնի դարձաւ, որ ըստ Թուրքիոյ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Ատիլ Քարաիսմայիլօղլուի յայտարարութեան՝ թրքական պիւտճէական «Փեկասուս» օդանաւային ընկերութիւնը կը պատրաստուի թռիչքներ կատարել դէպի Երեւան: Թրքական կողմը թռիչքները սկսելու ժամկէտներու վերաբերեալ դեռ մանրամասնութիւններ չէ յայտնած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment