Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսականը Կը Խոստանայ Ապահովել Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Ռազմական Յանցագործութիւններու Ճշգրիտ Փաստագրումը

ԱՄՆ-ի Քոնկրէսականը Կը Խոստանայ Ապահովել Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Ռազմական Յանցագործութիւններու Ճշգրիտ Փաստագրումը

by MassisPost

ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի վերջերս ստորագրած ազգային պաշտպանութեան առնչուող աքթը կը ներառէ կարեւոր դրոյթներ , որոնք ուղղուած են Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկելու՝ Արցախի իրենց կատարած ռազմական յանցագործութիւններուն համար: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրառում կատարած է ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի հայկական հարցերու յանձնախումբի համանախագահ՝ քոնկրէսական Ֆրանք Փալոն:

«Աքթը, որ ԱՄՆ-ի նախագահ Ճօ Պայտըն ստորագրած է երէկ, կը ներառէ կարեւոր դրոյթներ, որոնք ուղղուած են Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկելու՝ Արցախի մէջ իրենց կատարած ռազմական յանցագործութիւններուն համար։ Ես կը ձգտիմ ապահովել, որ պահանջուող զեկոյցները ճշգրիտ ըլլան այս յանցագործութիւններու փաստագրման ժամանակ»,- նշած է Փալոն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment