Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դաւիթ Տօնոյեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը Դադրեցնելու Մասին Միջնորդութիւն Ներկայացուած Է

Դաւիթ Տօնոյեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը Դադրեցնելու Մասին Միջնորդութիւն Ներկայացուած Է

by MassisPost

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Դաւիթ Տօնոյեանի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցնելու մասին միջնորդութիւն ներկայացուած է։ Այս մասին «Փաստինֆո»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց փաստաբան Սերկէյ Յովհաննիսեան։

Յիշեցնենք, որ ԱԱԾ ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Դաւիթ Տօնոեանի, զէնքի մատակարարման գործով զբաղող գործարար՝ Դաւիթ Գալստեանի, ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետի նախկին տեղակալ՝ Ստեփան Գալստեանի եւ եւս չորս անձի գործով նախաքննութեան աւարտ յայտարարած է եւ 8 օր ժամանակ տուած պաշտպանութեան կողմին՝ 16 հատորէ բաղկացած գործի նիւթերուն ծանօթանալու համար։

Գործի նիւթերուն ծանօթանալու ժամկէտը լրացած է. Տօնոյեանի պաշտպանները միջնորդութիւն ներկայացուցած են պահանջելով դադրեցնել անոր նկատմամբ քրէական հետապնդումը։

«Այս պահին արդէն կարող ենք փաստել, որ գործի նիւթերի վերլուծութեան հիման վրայ հնարաւոր չէ առաջադրել այն մեղադրանքը, որն առաջադրած է»,- նշեց փաստաբանը՝ աւելցնելով, որ մեղադրանքի նկարագրութիւնը, անոր նկարագրական մասին մէջ ձեւակերպուած արարքները, հետեւանքները, քրէական գործի նիւթերով չեն հիմնաւորուած, հակառակը՝ զանոնք հերքող, լիովին այլ տուեալներու մասին է գործին նիւթերը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment