Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Մասնակցած Է ԱՊՀ Պետութիւններու Ղեկավարներու Ոչ Պաշտօնական Հանդիպման

Փաշինեան Մասնակցած Է ԱՊՀ Պետութիւններու Ղեկավարներու Ոչ Պաշտօնական Հանդիպման

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեան Սէյնթ Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցած է ԱՊՀ (Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութիւն) պետութիւններու ղեկավարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման, յետոյ ալ ճաշին: Վարչապետի այլ ձեւաչափով հանդիպումներու մասին դեռ տեղեկութիւն չկայ:

ԱՊՀ աւանդական, այս ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովի հիմնական դաւը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հնարաւոր հանդիպումն է։ Աւելի վաղ Հայաստանի վարչապետը յայտարարած էր, թէ Իլհամ Ալիեւի հետ պաշտօնական հանդիպում նախատեսուած չէ, բայց շփում Ալիեւի հետ, Հայաստանի վարչապետը չէ բացառած։

Ինչ կը վերաբերի ԱՊՀ գագաթնաժողովի օրակարգին, աւելի վաղ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովա յայտարարած էր, թէ ոչ պաշտօնական գագաթնաժողովը նուիրուած կ’ըլլայ առաջին հերթին միջազգային եւ տարածաշրջանային արդի թեմաներու շուրջ դիրքորոշումներու համակարգման եւ անցնող տարուայ արդիւնքներու ամփոփման։

Պաշտօնական Մոսկուան վերջերս յայտարարած էր, թէ ՆԱԹՕ-ի հետ այս խոր քաղաքական առճակատման հարցով մինակ չէ, այլ պիտի գործէ յետխորհրդային երկիրներու եւ ՀԱՊԿ-ի ծիրէն ներս՝ իր դաշնակիցներու հետ միասին։ Այսինքն՝ ՆԱԹՕ-Ռուսաստան, Ռուսաստանի եւ Ուքրանիոյ միջեւ առկայ լարուածութիւնը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի քննարկուէր այսօր՝ ոչ պաշտօնական այս հանդիպման։

Յետխորհրդային երկիրներէն որեւէ մէկը, բացառութեամբ Պելառուսիոյ նախագահին, ՆԱԹՕ-Ռուսաստան հակամարտութեան շրջածիրէն ներս Ռուսաստանին աջակցելու մասին յայտարարութիւն չէ ըրած։ Իսկ Ալեքսանդր Լուքաշենքոյին որպէս Պելառուսիոյ օրինական նախագահ Արեւմուտքը չի ճանչնար։

Քննարկումները ԱՊՀ գագաթնաժողովի ընթացքին մեծ մասամբ անցած են փակ դռներու ետեւ: Բաց քննարկումները կը վերաբերէին «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին ուղղուած ընդհանուր ջանքերուն: ԱՊՀ անդամ երկիրներու ղեկավարները, մասնաւորապէս, Թուրքմենիստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է ռուսական կողմին գործուն աջակցութեան համար՝ շեշտելով, թէ Ռուսաստանի տրամադրած մեթոտաբանութեան եւ պատուաստներու շնորհիւ կը յաջողուի համավարակը վերահսկողութեան տակ պահել:

Համավարակի դէմ պայքարի վերաբերեալ քննարկումէն յետոյ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ այլ հարցերու շուրջ քննարկումը կը կատարեն փակ ձեւաչափով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment