Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Բանագնացներու Առաջին Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ Մոսկուայի Մէջ

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ Բանագնացներու Առաջին Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ Մոսկուայի Մէջ

by MassisPost

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար երկուստեք նշանակուած բանագնացներու առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուա, այսօր՝ Դեկտեմբեր 27-ին յայտարարած է Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլու:

«Մեր տպաւորութեամբ, բանագնացներու առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուա: Հայկական կողմը նման ցանկութիւն յայտնած է: Բացի այդ, մենք կ’ուզենք, որ հանդիպումէն առաջ ալ կողմերը ուղիղ շփումներ ունենան: Բանագնացները նշանակուած են ուղղակի երկխօսութեան համար», – նշած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Չաւուշօղլու նաեւ նշած է, որ շուտով Երեւան-Պոլիս թռիչքները կը մեկնարկեն: Անոր խօսքերով, կողմերը փոխայցելութիւններով եւ անմիջական շփումներով պէտք է ճանապարհային քարտէզ մշակեն եւ յստակացնեն յարաբերութիւններու կարգաւորման միտուած քայլերը: Թուրք նախարարը վերստին ընդգծած է, որ այս գործընթացին մէջ Անգարան իր քայլերը կը համակարգէ Պաքուի հետ:

«Մենք կը քննարկենք երկխօսութեան յաջորդ փուլերուն ձեռնարկուող քայլերը: Յուսով եմ, որ Հայաստան կը մնայ այս գիծին մէջ, ազդակները դրական են, բայց գործնականօրէն կ’ուզենք տեսնել զայն: Եռակողմ քայլեր կրնան կատարուիլ», – ընդգծած է նախարարը:

Թուրք նախարարի յայտարարութենէն յետոյ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան խօսնակը հաստատեց, որ կը քննարկուի բանագնացներու՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան՝ Սերտար Քըլըճի հանդիպումը Մոսկուա կայանալու հնարաւորութիւնը: Վահան Յունանեան միեւնոյն ժամանակ նշած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման ժամկէտի վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն այս պահուն չկայ։

Տարուայ ամփոփիչ ասուլիսի ժամանակ լրագրողները Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարին հարցուցին՝ արդեօք Հայաստան-Թուրքիա այս նոր երկխօսութիւնը կրնայ կրկին օրակարգի վրայ բերել 2009-ի հայ-թրքական արձանագրութիւնները: Չաւուշօղլու պատասխանած է, թէ արձանագրութիւնները արդէն կորսնցուցած են իրենց նշանակութիւնը, քանի որ այդ գործընթացը անյաջողութեան մատնուեցաւ:

«Այսօր նոր գործընթաց սկսած է: Այս շրջածիրէն ներս յարաբերութիւններու կարգաւորման համար պէտք է նոր քայլեր ձեռնարկուին: Սա կարեւոր նշանակութիւն կ’ունենայ Կովկասի կայունութեան, խաղաղութեան ու բարգաւաճման համար: Յատուկ բանագնացներն ալ առաջին հանդիպման ժամանակ միտքեր կը փոխանակեն այս ճանապարհային քարտէզի շուրջ: Այնուհետեւ, կը կարծեմ, որ պարբերական հանդիպումներն ու հեռախօսազրոյցները եւս օգտակար կ’ըլլան», – ըսած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment