Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան Պատրաստ Է Թուրքիոյ Հետ Երկխօսութեան Առանց Նախապայմաններու Եւ Նոյնպիսի Մօտեցում Կը Սպասէ Անգարայէն. ԱԳՆ

Հայաստան Պատրաստ Է Թուրքիոյ Հետ Երկխօսութեան Առանց Նախապայմաններու Եւ Նոյնպիսի Մօտեցում Կը Սպասէ Անգարայէն. ԱԳՆ

by MassisPost

«Հայաստանը պատրաստ է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների շուրջ երկխօսութիւն սկսել առանց նախապայմանների եւ նոյնպիսի մօտեցում է սպասում Թուրքիայից, ինչը թոյլ կու տայ քննարկել Անգարայի կողմից միակողմանի փակուած սահմանի բացման, դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման հարցերը», – «Ազատութիւն»ի հարցման ի պատասխան` նշած է Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Վահան Յունանեան։

«Ազատութիւնը», մասնաւորապէս, հետաքրքրուած էր, թէ Անգարան հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը չի՞ կապեր հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն հետ, յատկապէս որ նախագահ Էրտողան հրապարակային ելոյթներով կը խօսի «Զանգեզուրի միջանցքի» մասին, արդեօք ասիկա նախապայման չէ՞։

Խօսնակը աւելցուցած է. «Հայկական կողմը գտնում է, որ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութիւնը երրորդ երկրների հետ յարաբերութիւներում առկայ խնդիրներին որեւէ կերպ պէտք չէ փոխկապակցել, իսկ Հայաստանի կառավարութիւնը ցանկացած գործընթացում առաջնորդուելու է Հայաստանի եւ հայութեան կենսական շահերի պաշտպանութեամբ ու առաջմղմամբ»։

Արտաքին գերատեսչութեան խօսնակի պատասխանէն պարզ է, որ Հայաստան կ’ակնկալէ առանց նախապայմաններու երկխօսութիւն սկսելու մօտեցում նաեւ Թուրքիայէն, սակայն պատասխանէն յստակ չէ՝ որ ինչ պիտի ըլլայ պաշտօնական Երեւանի արձագանգը, եթէ Թուրքիան, այնուամենայնիւ, առաջ տանի նախապայմաններ։ Այսօր արդէն ի պատասխան այս հարցին` Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը յայտնեց, որ աւելցնելու ոչինչ ունի։

Մենք նաեւ հետաքրքրուած էինք, թէ ի՞նչ օրակարգով Հայաստան կը սկսի երկխօսութիւնը։ Սակայն ԱԳՆ-ի պատասխանէն դատելով` օրակարգի վերաբերեալ յստակութիւն առայժմ չկայ։

«Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացում օրակարգի վերաբերեալ յստակեցուած տեղեկութիւնների առկայութեան դէպքում կը տրամադրուի պաշտօնական տեղեկատուութիւն», – պատասխանած են հարցին։

Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան յստակ օրակարգ առայժմ չկայ. ԱԽ

Իր հերթին՝ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Արմէն Գրիգորեան նախօրէին Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին եւս յայտնած էր, որ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան յստակ օրակարգ առայժմ չկայ. «Երբ որ օրակարգը ձեւաւորուի, երբ որ քննարկումներ կը լինեն օրակարգի մասին, բնականաբար հայկական կողմը տեղեակ կը պահի հանրութեանը, թէ ինչ գործընթացներ են տեղի ունենում: Այս պահին մենք ծանօթ չենք որեւէ ճանապարհային քարտէզի, դեռեւս միայն բանագնացներ են նշանակուել: Երբ որ բանագնացները կը հանդիպեն, եւ կը ստանանք որեւէ առաջարկութիւն, եւ նաեւ կը ներկայացնենք մեր առաջարկութիւնները, ապա կը քննարկենք հանրութեան հետ գործընթացի մասին»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment