Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Կողմերուն Առաջնորդուելով Սոչիի Պայմանաւորուածութիւններով

Մոսկուան Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Կողմերուն Առաջնորդուելով Սոչիի Պայմանաւորուածութիւններով

by MassisPost

Մոսկուան կը համարէ, որ Պաքու եւ Երեւան ընդհանուր առմամբ կը կատարեն եռակողմ պայմանաւորուածութիւնները։ Մոսկուան պիտի շարունակէ աջակցիլ կողմերուն, անոնց կարգին` սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով` առաջնորդուելով Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններով։

«Հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով կ’առաջնորդուինք Նոյեմբեր 26-ի Սոչիի համաձայնութիւններէն եւ կ’աշխատինք սահմանազատման հարցով հայ-ատրպէյճանական երկկողմանի յանձնաժողով ստեղծելու ուղղութեամբ` կողմերու ցանկութեամբ մեր երկրի խորհրդատուական աջակցութեամբ», – մեկնաբանելով սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով եւրոպացի մասնագէտներու մասնակցութեան մասին Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար՝ Շարլ Միշէլի յայտարարութիւնը` այսօր՝ Դեկտեմբեր 24-ին ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովա։

«Միեւնոյն ժամանակ մենք կ’ողջունենք երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած միջազգային ջանքերը: Ասոր հետ մէկտեղ պէտք է հաշուի նստիլ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին հետ։ Մեր կողմէն մենք պիտի շարունակենք ցուցաբերել կողմերուն մեր աջակցութիւնը, ներառեալ` խորհրդատուական», – աւելցուցած է Զախարովա:

Փոխադրային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հետ կապուած հարցերուն Զախարովա այսօր նոյնպէս դիւանագիտական պատասխան տուած է. չէ ըսած, թէ արդեօք պիտի ըլլան հայկական մաքսակէտեր Հայաստանի տարածքով անցնող կառուցուելիք երկաթուղագծային կամ ինքնաշարժներու ճանապարհներուն։ Փոխարէնը շեշտած է, թէ Մոսկուան բոլոր տարաձայնութիւնները կը կարգաւորէ եւ զանոնք յաղթահարելու ուղղութեամբ յստակ աշխատանք կը կատարէ կողմերուն հետ, սակայն կը գերադասէ այդ մասին չխօսիլ տարածաշրջանի մէջ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար:

Զախարովա կողմերը եւ հակամարտութեան կարգաւորման ներգրաւուած բոլոր մասնագէտները շնորհաւորած է Նոր տարուայ կապակցութեամբ եւ մաղթած խաղաղութիւն, համբերութիւն, յաջողութիւն «ամենաբարդ, ամենաերկարատեւ եւ արիւնալի հակամարտութիւններէն մէկու կարգաւորման այս ծանր առաքելութեան մէջ»:

Մոսկուան, Զախարովայի խօսքով, ընդհանուր առմամբ կողմերէն գոհ է եւ կը համարէ, թէ ե՛ւ Երեւան, ե՛ւ Պաքու կը կատարեն 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի պայմանաւորուածութիւնները։

Յիշեցնենք, որ ռուսական մասնակցութեամբ վերջին անգամ եռակողմ բանակցութիւնները տեղի ունեցած էին Դեկտեմբեր 1-ին Մոսկուա, որու աւարտէն յետոյ, սակայն, որեւէ յայտարարութիւն չէ հնչած, թէեւ Նոյեմբեր 26-ին Սոչի կայացած եռակողմ բանակցութիւններէն յետոյ Ռուսաստանի նախագահը ըսած էր, թէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու մասին կը յայտարարուի եռակողմ աշխատանքային խումբի` Մոսկուա կայանալիք նիստին ժամանակ: Նիստը կայացած է, սակայն յայտարարութիւն չէ եղած, իսկ առաջխաղացման մասին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները խօսած են Պրիւքսէլ կայացած բանակցութիւններէն յետոյ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment