Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքու Բողոքի Նամակ Յղած Է Փարիզին` Վալերի Փեքրեսի Արցախ Այցի Պատճառով

Պաքու Բողոքի Նամակ Յղած Է Փարիզին` Վալերի Փեքրեսի Արցախ Այցի Պատճառով

by MassisPost

Պաքու բողոքի նամակ յղած է Փարիզին՝ Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին յաւակնող Վալերի Փեքրեսի Ստեփանակերտ կատարած այցի պատճառով։ Այս մասին ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեամբ։

Այնտեղ հաղորդուած է, որ դիւանագիտական գերատեսչութիւն կանչուած է Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը «եւ անոր ալ յղուած է բողոքի նամակը»։ «Նախընտրական քարոզարշաւի ծիրէն ներս ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու եւ այլոց ուղեկցութեամբ տեղի ունեցած այդ այցը ուղղուած է Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան եւ կը հանդիսանայ երկրի ազգային օրէնսդրութեան խախտում»,- ըսուած է պաշտօնական Պաքուի յայտարարութեամբ։

Ֆրանսայի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէն նախագահի պաշտօնին առաջադրուած Փեքրես, ինչպէս հաղորդուած է, Լեռնային Ղարաբաղ այցելած է նախօրէին, մինչ այդ ան Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցած է նախագահի եւ խորհրդարանի խօսնակին հետ: Իլ-տէ-Ֆրանս շրջանի ղեկավարը Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնին յաւակնող երկրորդ թեկնածուն է, որ քարոզարշաւի ժամանակ կ’այցելէ Հայաստան։ Շաբաթներ առաջ Երեւան ժամանած էր Էրիք Զեմուր, որ նոյնպէս կը ցանկայ պայքարիլ Էլիզէի պալատի ղեկավարի պաշտօնին համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment