Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Խաղաղապահ Զօրակազմի Ներկայութիւնը Արցախի Մէջ Պէտք Է Ըլլայ Երաշխաւորուած Ու Անժամկէտ. Արայիկ Յարութիւնեան

Խաղաղապահ Զօրակազմի Ներկայութիւնը Արցախի Մէջ Պէտք Է Ըլլայ Երաշխաւորուած Ու Անժամկէտ. Արայիկ Յարութիւնեան

by MassisPost

Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայութիւնը Արցախի մէջ պէտք է ըլլայ երաշխաւորուած ու անժամկէտ՝ մինչեւ անոր անհրաժեշտութեան վերացումը, Արցախի Ազգային ժողովի նիստին նման կարծիք յայտնած է նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան:

Պատշաճ անվտանգութիւն ապահովելու ճանապարհին մէկ այլ կարեւոր ուղղութիւն է Պաշտպանութեան բանակի, ոստիկանութեան եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կարողութիւններու ու ամրութիւններու հետեւողական զարգացումը՝ ըստ Յարութիւնեանին:

Արայիկ Յարութիւնեան վստահեցուցած է նաեւ, որ արտաքին քաղաքական դաշտին մէջ պիտի շարունակուի պայքարը «ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման փաստի անվերապահ ճանաչման եւ բռնազաւթուած տարածքների վերադարձի համար»: «Մենք կողմ ենք հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, որտեղ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ ԱՀ անկախութեան միջազգային ճանաչումը մեր գլխաւոր ու անզիջում նպատակն է, որն ուղի կը բացի Արցախեան շարժման վերջնանպատակի իրագործման համար»,- ըսած է Յարութիւնեան:

Խաղաղապահ առաքելութեան նախկին ղեկավար՝ Ռուստամ Մուրատով վերջերս ըսած էր, թէ հակամարտութենէն յետոյ ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղ կը մնան հինգ տարի։

«Երկիրներու ղեկավարներու ստորագրած համաձայնագրով առաջին 5 տարին սահմանուած է։ Յետոյ ռուսաստանեան խաղաղապահ առաքելութեան հետագայ երկարաձգման որոշում կը կայացուի», – յայտարարած էր Մուրատով։

Պաքուէն պարբերաբար կը հնչեն յայտարարութիւններ, որ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածքն է, իսկ ռուս խաղաղապահները այնտեղ տեղակայուած են ժամանակաւոր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment