Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ըստ Վարապետ Փաշինեանի Ի Քաղաքապետարանի «Համակարգային Խնդիր»ը , Հանգուցալուծուած Է

Ըստ Վարապետ Փաշինեանի Ի Քաղաքապետարանի «Համակարգային Խնդիր»ը , Հանգուցալուծուած Է

by MassisPost

Այսօր ունինք ներդաշնակ իրավիճակ Երեւանի քաղաքապետի, աւագանիի եւ քաղաքական մեծամասնութեան միջեւ, ընդունելով նորընտիր քաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանը` ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետի ներկայացումով` այն իրավիճակը, որ կար Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս, «համակարգային իրավիճակ էր եւ համակարգային խնդիր»: Փաշինեան արձանագրած է, որ այդ խնդիրը համակարգային առումով հանգուցալուծուած է, յայտնած է կառավարութեան լրատուականը:

Յիշեցնենք, որ երէկ աւագանին Հայկ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնեց եւ անմիջապէս նոր քաղաքապետ ընտրեց:

«Համայնքի ղեկավարի ընտրութիւններն անուղղակի են: Եւ համակագային առումով անհնար է համայնքի ղեկավարի աշխատանքը՝ առանց աւագանու մեծամասնութիւն ունենալու: Սա պարզ քաղաքական տրամաբանութիւն է: Եւ այս խնդիրն է, որ հանգուցալուծուեց», – շեշտած է գործադիրի ղեկավարը, եւ աջակցութիւն յայտնած Երեւանի քաղաքապետարանին:

Վարչապետի հետ հանդիպման բացի նորընտիր քաղաքապետէն նաեւ աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Գալջեանն ու քարտուղար՝ Լեւոն Յովհաննիսեանը ներկայ եղած են, որոնց Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է «սկզբունքային դիրքորոշում ցուցաբերելու համար»:

Հրաչեայ Սարգսեան իր հերթին ըսած է, որ կան հիմնարկներ, որոնք պէտք է ամբողջութեամբ վերափոխուին:

«Կարծում եմ՝ կառավարութեան աջակցութեամբ հնարաւորութիւն կ’ունենանք ամենամեծ բնակչութիւն ունեցող համայնքում՝ Երեւանում, իրականացնել այն ծրագրերը, որոնք տարիների ընթացքում չեն իրականացուել, կարելի է ասել, անհասկանալի պատճառներով: Կարծում եմ՝ կարողութիւնը կայ, պէտք է պարզապէս արդիւնաւէտ կառավարում իրականացնել այդ կարողութիւնը օգտագործելու համար», – հաւաստիացուցած է Սարգսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment