Հայկական կողմը պատրաստ է այցելել ինչպէս Պաքու, այնպէս ալ Անգարա՝ քննարկելու տարածաշրջանային խնդիրները։ Այս մասին երէկ՝ Դեկտեմբեր 22-ին Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Արմէն Գրիգորեան։
Ան նշած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու քննարկումը Հայաստան կը տեսնէ երկկողմանի ձեւաչափով, բայց, եթէ առիթ ըլլայ այս հարցը քննարկելու «3+3» ձեւաչափով, եւս կ’օգտագործուի այդ առիթը։ «Անհրաժեշտութեան դէպքում, մենք պատրաստ ենք մեկնել Անգարա, եւ Պաքու, ինչպէս նաեւ ընդունել այս երկրների պատուիրակութիւններին Երեւանում», – ըսած է Գրիգորեան։