Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւնները նշանակած են իրենց ներկայացուցիչները` երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններ սկսելու նպատակով: Այս կը յաջորդէ ամիսներէ ի վեր դրական ազդակներու մասին երկուստեք հնչող յայտարարութիւններուն: Նաեւ Ամերիկեան մամուլը կը հաղորդէ որ, նախագահ Ճօ Պայտըն անձնապէս դիմած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանին` բանալու Հայաստանի հետ սահմանը: Կը կարծուի որ եւրոպական երկիրներ` գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի «վարագոյրի ետեւէն» բաւական ջանքեր գործադրած են Երեւան-Անգարա երկխօսութեան հասնելու ուղղութեամբ:
Հետեւաբար, անակնկալ չէր երբ հաղորդուեցաւ բանագնացներու նշանակման եւ անոնց միջեւ մօտալուտ հանդիպման մասին տեղեկութիւնը: Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան անմիջապէս ողջունեցին երկու հարեւան երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւն սկսելու գծով առնուած քայլերը: Ռուսաստան եւս, տարբեր առիթներով արտայայտուած էր նման դրական քայլերու կարեւորութեան մասին:
Քննարկուելիք օրակարգերու մասին առայժմ յստակ տեղեկութիւն չկայ, սակայն Թուրքիոյ կողմէ փակուած սահմաններու բացումը եղած է այն գլխաւոր հարցը, որու մասին յաճախ խօսուած է:
Ինչպէս 2009-ին ստորագրուած «Հայ-Թրքական Փրոթոքոլներու» պարագային, ներկայիս եւս Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ կան կարծիքներու տարբերութիւններ` հիմնուած պատմական իրադարձութիւններու վրայ, որոնք կը շարունակեն մնալ մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ: Կայ տեսակէտ, թէ պէտք է ամբողջութեամբ բացառել թրքական կողմի հետ որեւէ երկխօսութիւն, քանի որ ան ոչ մէկ օգուտ կրնայ բերել Հայաստանին: Իսկ, սահմաններու բացումով Հայկական շուկան կրնայ ողողուիլ թրքական ապրանքներով, որոնց ներածումը ամբողջութեամբ արգիլուած է ներկայիս, Արցախեան վերջին պատերազմին Թուրքիոյ մասնակցութեան լոյսի տակ: Հակառակ տեսակէտը այն է թէ, աշխարհագրականօրէն կը գտնուինք տարածաշրջանէ մը ներս, ուր շրջապատուած ենք թշնամիներով, որոնց հետ պէտք է գտնենք հասարակաց յայտարարներ, ոչ միայն Հայաստանի տնտեսական զարգացման հեռանկարով, այլ եւ ձեռք ձգելու համար ապահովութեան որոշ երաշխիքներ:
Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւնը պէտք է տեղի ունենայ առանց նախապայմաններու: Անցեալի փորձը ցոյց կու տայ թէ, նախնական համաձայնութենէն ետք, Անգարան սկսած է ներկայացնել նախապայմաններ, որոնցմէ գլխաւորը եղած է Ցեղասպանութեան հարցէն հրաժարում եւ Լեռնային Ղարաբաղը որպէս Ատրպէյճանի մաս ճանաչում: Բանակցութիւննրու որեւէ մէկ հանգրուանին այս հարցերը դարձեալ կրնան բերուիլ սեղանին, ասոնց վրայ աւելցնելով նաեւ «Զանգեզուրի Միջանցքի» հարցը, որու մասին անդադար կը խօսին Ալիեւն ու Էրտողանը:
Ներկայիս Թուրքիա կը գտնուի տնտեսական ծանր տագնապներու մէջ: Թրքական Լիրան կը շարունակէ իր անկումը ու ժողովուրդի մօտ բողոքի ալիքը կը բարձրանայ օրէ-օր: Նախքան 2023-ի աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնները, Էրտողան կը գտնուի իրավիճակը կայունացնելու պարտաւորութեան առջեւ: Այդ ընելու համար ան պէտք ունի արեւմուտքի տնտեսական աջակցութեան եւ ներդրումներուն: Այս հանգամանքը եւս կրնայ ազդել թրքական կողմի պահուածքին վրայ, նկատի առնելով որ միջազգային հանրութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ եւրոպական ցամաքամասին վրայ վերջին փակ սահմանի բացման:
Մինչ այդ, չի խանգարեր որ Հայաստան ընթացք տայ միջազգային հանրութեան յորդորներուն, տեսնելու համար թէ, մինչեւ ուր կրնան հասնիլ այդ բանակցութիւնները: Թրքական կողմի որեւէ նախապայման, այս անգամ եւս պիտի արժանանայ մերժումի ու պիտի նշանակէ խօսակցութեան դադրեցում, որմէ կրնայ տուժել որքան Հայաստանը, նոյնքան եւ աւելի Էրտողանի վարչակարգը:
«ՄԱՍԻՍ»