Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Քաղաքապետ Ընտրուեցաւ Հրաչեայ Սարգսեան

Երեւանի Քաղաքապետ Ընտրուեցաւ Հրաչեայ Սարգսեան

by MassisPost

Այսօր՝ Դեկտեմբեր 22-ին, Երեւանի աւագանին 44 կողմ, 10 դէմ ձայնով քաղաքապետ ընտրեց Հրաչեայ Սարգսեանը, որ մինչ այդ կը գրաւէր փոխքաղաքապետի պաշտօնը: 3 քուէաթերթիկ անվաւեր եղած է:

Աւելի վաղ` աւագանիի արտահերթ նիստին, աւագանին անվստահութիւն յայտնեց արդէն նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանին:

Վերջինս յայտարարեց, որ իրեն պաշտօնանկ ընելու «Իմ քայլի» նախաձեռնութեան պատճառը այն է, որ ինք մէկ տարի առաջ լքած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը:

«Իմ քայլը» աւելի վաղ յայտարարած էր, որ քաղաքական ճգնաժամ առաջացած է: Երէկ ալ խմբակցութիւնը տապալեց Երեւանի աւագանիի հերթական նիստը՝ այս քայլը բացատրելով աւագանիի եւ քաղաքապետի միջեւ քաղաքական ճգնաժամով։

Նորընտիր քաղաքապետը 2018-ի Սեպտեմբեր 23-ին կայացած Երեւանի աւագանիի արտահերթ ընտրութիւններով «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի համամասնական ցուցակով ընտրուած է աւագանիի անդամ: 2018-ի Հոկտեմբերին նշանակուած է քաղաքապետի առաջին տեղակալ։ Եղած է «Առաքելութիւն» կուսակցութեան անդամ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment