Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ձերբակալուած է Գառնիկ Իսագուլեան

Ձերբակալուած է Գառնիկ Իսագուլեան

by MassisPost

Ձերբակալուած է «Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ Գառնիկ Իսագուլեան, հաղորդած է Քննչական կոմիտէն (ՔԿ)։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ ՔԿ յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութենէն ներս իրագործուած են քննչական եւ դատավարական այլ ծաւալուն գործողութիւններ՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական բաժանմունքին մէջ Քրէական օրէնսգրքի 333-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով («սուտ մատնութիւն, որ զուգորդուած է ծանր կամ առանձնապէս ծանր յանցագործութեան մէջ մեղադրելով») «Ազգային անվտանգութիւն» կուսակցութեան նախագահ Գառնիկ Իսագուլեանի նկատմամբ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեան ծիրէն ներս շարք մը հանգամանքներ պարզելու ուղղութեամբ:

«Փաստական տուեալներ են ձեռք բերուել այն մասին, որ 2021 թուականի Սեպտեմբերի 20-ին կայացած ասուլիսի ընթացքում Գ.Ի.-ն, գիտակցելով, որ իր կողմից տրամադրուող տեղեկատուութիւնը կեղծ է՝ յայտնել է չկատարուած յանցագործութեան մասին։

Մասնաւորապէս, հարցազրոյցի ընթացքում Գ.Ի.-ն յայտնած է, թէ, իբր Ուքրանիայում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը ուսումնասիրուել ու հաւաքագրուել է թրքական եւ ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւններու կողմից, ինչպէս նաեւ 2008 թուականից յետոյ համագործակցում է յիշեալ ծառայութիւնների եւ տուեալ ազգերի ներկայացուցիչների հետ, որի վերաբերեալ ինքը՝ Գ.Ի.-ն կասկածներ չունի։ Ըստ Գ.Ի.-ի յայտարարութեան Ուքրանիայում Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը բանակցութիւններ է վարել Ուքրանիայում Ատրպէյճանի դեսպանի հետ, որի արդիւնքում որոշուել է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը Պաթումի քաղաքում պէտք է հանդիպի Թուրքիոյ նախագահի ներկայացուցիչների հետ, որպէսզի վերջինից գումար խնդրի, քանի որ ՀՀ պիւտճէում գումարը վերջացել է եւ չեն կարողանում թոշակները վճարել. այդ կերպ՝ հայ դիւանագէտին յանիրաւի մեղադրելով առանձնապէս ծանր յանցագործութիւն կատարելու մէջ», – ըսուած է հաղորդագրութեամբ։

Վերը նկարագրուած յանցաւոր արարքի կատարման համար ՔՕ 333-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 1-ին կէտով Գ.Ի.-ն ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ, նոյն օրը որոշում կայացուած է զինք ձերբակալելու մասին:

«Յաւելենք, որ Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի վարոյթում քննուող քրէական գործով Գ.Ի.-ն արդէն իսկ մեղադրւում է նոյնական եւ համասեռ՝ ՀՀ Վարչապետի, նախկին եւ ներկայ մի շարք պաշտօնատար անձանց ու հասարական գործիչների (1-ին դրուագ), ՀՀ քննչական կոմիտէի ներկայիս նախագահի (2-րդ դրուագ), Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհրդի նախկին քարտուղարի (3-րդ դրուագ) վերաբերեալ սուտ մատնութիւն կատարելու, ինչպէս նաեւ ՀՀ Վարչապետի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու հրապարակային կոչեր հնչեցնելու համար (մէկ դրուագ) նախատեսուած յանցաւոր արարքներ կատարելու մէջ», – նաեւ ըսուած է Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment