Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Գագիկ Բեգլարեանն ու Անոր Ընտանիքի Անդամները Հրաւիրուած Են Գլխաւոր Դատախազութիւն

Գագիկ Բեգլարեանն ու Անոր Ընտանիքի Անդամները Հրաւիրուած Են Գլխաւոր Դատախազութիւն

by MassisPost

Երեւանի նախկին քաղաքապետ, Փոխադրութեան նախկին նախարար՝ Գագիկ Բեգլարեանն ու անոր ընտանիքի անդամները հրաւիրուած են գլխաւոր դատախազութիւն՝ ծանօթանալու իրենց պատկանող գոյքի օրինականութեան վերաբերեալ ուսումնասիրութեան։

Իրաւապահներու կազմած ամփոփագիրը յաջորդ շաբաթ կը ներկայացուի Բեգլարեանին, անոր կնոջ, որդիին եւ դստեր։

Բեգլարեաններուն կասկածելի ծագում ունեցող գոյքը կալանքի տակ է, դատախազութիւնը, սակայն, չի մանրամասներ, թէ ինչ արժողութեան եւ քանի միաւոր գոյքի մասին է խօսքը։

Այս մանրամասնութիւններէն տեղեակ չէր նաեւ նախկին ազդեցիկ պաշտօնեայի փաստաբան՝ Հրանդ Անանեան. -«Բացարձակ տեղեակ չենք։ Հրապարակայնացրել են առանց մեզ ծանուցելու, առանց մեզ հարց տալու, ինչ-որ բան են հրապարակել։ Տեղեակ չենք ո’չ տեսակից, ո’չ քանակից, ո’չ հասցէից»։

Փաստաբան Անանեան հաղորդեց, որ առաջիկայ օրերուն կը ծանօթանայ դատախազութեան ուսումնասիրութեան. – «Պիտի գնամ նիւթերին ծանօթանամ։ Նախատեսել եմ մօտակայ երկու օրը գնամ ծանօթանամ, հասկանամ»։

Անկէ ետք պարզ կ’ըլլայ, թէ Բեգլարեանները կը համաձայնի՞ն կասկածելի ծագում ունեցող գոյքի 75 տոկոսը առանց դատարանի որոշման տալ պետութեան, թէ՞ այս գործը կ’երթայ դատարան։ Նման հնարաւորութիւն կու տայ «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքը։ Եթէ քաղաքացին չի համաձայնիր, հարցը արդէն դատարան կը  քննուի։

Բացի գոյքի ծագման ստուգումներէն, Գագիկ Բեգլարեան նաեւ մեղադրեալ է դրամալուացման՝ մօտ 480 հազար տոլար արժողութեամբ պետական գոյքը յափշտակելու գործով։ Ամիսներ տեւած հետախուզումէն յետոյ ան ձերբակալուած է այս Մայիսին «Զուարթնոց» օդակայանը, ապա մէկ օրուայ կալանքէն յետոյ ազատ արձակուած է 105 հազար տոլար գրաւի դիմաց։ Դատախազութենէն «Ազատութիւն»ին հաղորդած էին, որ իրաւապահներուն ինքնակամ ներկայացած Բեգլարեան դատախազութեան աւանդի հաշւոյն փոխանցած է մեղադրանքի համաձայն պետութեան պատճառած վնասին համարժէք գումարը եւ այս հանգամանքն ալ հաշուի առնելով՝ դատախազը որոշած էր զինք ազատ արձակել։

Սերժ Սարգսեանի իշխանութեան տարիներուն՝ 2012-2016 թուականներուն Փոխադրութեան եւ կապի նախարարի պաշտօնը գրաւած Գագիկ Բեգլարեան նաեւ վկայ է «Հիւսիս-հարաւ ճանապարհային միջանցք» ներդրումային ծրագրի չարաշահումներու գործով։ Քննչական կոմիտէի հաղորդմամբ, այս ծրագրի ընթացքին պետութիւնը կրած է աւելի քան 48 միլիոն տոլարի վնաս։

Կասկածելի ծագում ունեցող գոյքի ուսումնասիրութիւններուն մէջ ներգրաւուած են այլ հնչեղ անուններ, անոնց կարգին են երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ հետախուզման մէջ գտնուող Լեւոն Սարգսեանի դուստրը, ԱԺ նախկին նախագահ՝ Գալուստ Սահակեանի որդին, Պետական գոյքի կառավարման վարչութեան նախկին պետ Արման Սահակեան։

«Արդէն իսկ դատական հայցեր կան ներկայացուած՝ կապուած հայցի ապահովման միջոցների ձեռնարկման հետ։ Խօսքը վերաբերում է այն դէպքերին, երբ որ աւարտուել են արդէն վարոյթները գոյքի նկատմամբ կալանք կիրառելու։ Որոշների պարագայում իրականացւում են բանակցութիւններ համապատասխան անձանց հետ՝ գոյքը պետութեանը վերադարձնելու նպատակով, օրէնքով սահմանուած համամասնութիւնների շրջանակում», – «Ազատութիւն»ին ըսաւ Գլխաւոր դատախազի խորհրդական՝ Գոռ Աբրահամեան։

Երկու գործն ալ արդէն դատարան հասած է ։ Անոնք կը վերաբերին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին գնդապետ Սերոբ Յարութիւնեանին եւ նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանին ու անոնց ընտանիքներուն պատկանող գոյքին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment