Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Եւ Անգարայի Բանագնացները Շուտով Պիտի Հանդիպին

Երեւանի Եւ Անգարայի Բանագնացները Շուտով Պիտի Հանդիպին

by MassisPost

Երեւանի եւ Անգարայի բանագնացներ նշանակուած ԱԺ նախագահի տեղակալ՝ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան՝ Սերտար Քըլըճ շուտով կը հանդիպին, այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն։

Պաշտօնական Երեւանը, սակայն, չի յստակացներ, թէ հանդիպման ժամկէտը արդէն պարզ է, թէ ոչ։ ԱԳՆ-ի խօսնակը «Ազատութիւն»ին յայտնեց, որ «Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան գործընթացի շրջանակներում յատուկ ներկայացուցիչների հանդիպման ժամկէտների վերաբերեալ պայմանաւորուածութեան դէպքում հանրութիւնը պատշաճ կերպով կը տեղեկացուի»։

Ընդհանուր առմամբ հայ-թրքական երկխօսութեան գործընթացի մասին հայկական կողմը բանագնացի նշանակումէն բացի, այլ տեղեկութիւն չէ յայտնած, իսկ Ռուբէն Ռուբինեան հրաժարած է զրուցելէ «Ազատութիւն»ի հետ Ազգային ժողովին։

Մինչ այդ վերջին օրերուն գործընթացի մասին շարունակ տեղեկութիւններ կը հրապարակէ պաշտօնական Անգարան։ Մասնաւորապէս, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Չաւուշօղլուն յայտնած է, որ Հարաւային Կովկասի հարցերով զբաղող «3+3» խորհրդատուական հարթակի յաջորդ հանդիպումը տեղի կ’ունենայ Թուրքիա: Ան աւելցուցած է, որ Անգարան կը դիտարկէ Թուրքիոյ հետ օդային հաղորդակցութիւն հաստատելու Հայաստանի ցանկութիւնը։ Չաւուշօղլուն ընդգծած է՝ Հարաւային Կովկասին վերաբերող հարցերը Անգարան կը շարունակէ քննարկել եւ համատեղ որոշումներ կայացնել Պաքուի հետ։

Ֆրանսան ողջունած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գծով յատուկ բանագնացներ նշանակելու մասին որոշումը, Փարիզէն յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը։

«Մենք կ’ողջունենք հայկական եւ թրքական իշխանութիւններու՝ յատուկ բանագնացներ նշանակելու մասին յայտարարութիւնները։ Այդ գործընթացը պէտք է օժանդակէ տարածաշրջանի մէջ կայունութեան հաստատման ու զարգացման», – նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment