Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճան Պահուող Գերիներու Հաստատուած Թիւը 50 Է, Ոչ Հաստատուած՝ 80. Իրաւապաշտպան

Ատրպէյճան Պահուող Գերիներու Հաստատուած Թիւը 50 Է, Ոչ Հաստատուած՝ 80. Իրաւապաշտպան

by MassisPost

«Այս պահին Ատրպէյճանում գտնուող հայ գերիների հաստատուած թիւը շուրջ 50 է, իսկ ոչ պաշտօնականացուած՝ եւս 80»։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնեց իրաւապաշտպան՝ Սիրանուշ Սահակեան։

Սահակեանի խօսքով՝ գերիներու վերադարձի գործընթացը շարունակական պիտի ըլլայ, յատկապէս երբ կան հաստատուած գերիներ եւ քանի դեռ Ատրպէյճան կը պահէ հաստատուած գերիները, անխուսափելի է, որ վերադարձ ըլլայ։ Իրաւապաշտպանի դիտարկմամբ՝ անոնք հիմնականին կը կազմակերպուին քաղաքական գործընթացներու ծիրէն ներս՝ կա՛մ ՌԴ, կա՛մ ԱՄՆ, կա՛մ ԵՄ, այլ ազդեցիկ պետութիւններ իրենց քաղաքական ազդեցութիւնը օգտագործելով՝ կը կազմակերպեն վերադարձը։

«Տեսնում ենք, որ այն մասնակի է, ամբողջ ծաւալով չի ապահովում։ Դա էլ միգուցէ տրամաբանական է, քանի որ կան ընթացող մեծ քաղաքական գործընթացներ, որտեղ ներգրաւուած են միջազգային դերակատարները, որի շրջանակներում լուծւում են նաեւ որոշ մարդասիրական խնդիրներ»,- նշեց Սահակեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment