Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիոյ Մէջ Տիրող Տնտեսական Ճգնաժամը Կ’ազդէ Էրտողանի Հեղինակութեան Վրայ

Թուրքիոյ Մէջ Տիրող Տնտեսական Ճգնաժամը Կ’ազդէ Էրտողանի Հեղինակութեան Վրայ

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները կը վերահսկեն խոշոր քաղաքները, ինչ որ կը նշանակէ, որ  Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ-AKP) հետ միասին իշխանութեան ղեկին մնալու համար 2023 թուականի ընտրութիւններուն պէտք է կարողանայ պահել աւանդական «ամրոցները»։ Բայց Թուրքիոյ մայրաքաղաքէն դէպի Էրտողանի հայրենի քաղաք՝ Պոլիս կատարուած ուղեւորութիւնը ցոյց տուաւ, որ այդ երաշխաւորուած չէ։

Այս դիտարկումը տեղ գտած է Թուրքիոյ մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամի վերաբերեալ ամերիկեան հեղինակաւոր Bloomberg լրատուական գործակալութեան վերջին վերլուծական յօդուածին մէջ։

Վերլուծականով մասնաւորապէս նշուած է, որ Պոլիսը Անգարային կապող ճանապարհներու երկայնքով տարածուող հասարակական զայրոյթը նախազգուշացում է Թայէպ Էրտողանի համար։ Շեշտուած է, որ Էրտողանին 20 տարիներու ընթացքին աջակցած հասարակութեան հիմնական շերտը՝ թէյագործներ, ձկնորսներ, մանրածախ առեւտրով զբաղողներ, սրճարաններու եւ պենզինի կայաններու աշխատողներ, այժմ արդէն կը հրաժարին իշխող կուսակցութենէն, քանի որ կը դժուարանայ եւ կը թանկանայ ապրիլը։

Յոդուածը նաեւ ընդգծած է, որ Էրտողան վտանգաւոր տնտեսական քաղաքականութեան դիմած է, քանի որ համաճարակի մարտահրաւէրներու պատճառով անկում կ’ապրէր անոր ժողովրդականութիւնը, մինչդեռ այդ քաղաքականութիւնը աւելի աղքատացուցած է մարդոց։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment