Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Քրիստինէ Գրիգորեան՝ ՄԻՊ Թեկնածու․ Յանձնաժողովը Հաստատեց

Քրիստինէ Գրիգորեան՝ ՄԻՊ Թեկնածու․ Յանձնաժողովը Հաստատեց

by MassisPost

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի պաշտօնին համար հաստատուեցաւ Քրիստինէ Գրիգորեանի թեկնածութիւնը․ հարցը քննարկուած էր Ազգային ժողովի մարդու իրաւունքներու եւ հանրային հարցերու մշտական յանձնաժողովէն ներս։

Գրիգորեանի թեկնածութիւնը հաստատուեցաւ իշխանական պատգամաւորներու կողմ քուէարկութեամբ, ընդդիմադիրները դէմ քուէարկեցին:

Գրիգորեանի թեկնածութիւնը առաջադրած է իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիրը»։

40-ամեայ Գրիգորեան 2009-էն ի վեր եղած է Ազգային ժողովի նախ աշխատակազմի ղեկավարի, այնուհետեւ խորհրդարանի նախագահի իրաւական հարցերով օգնականը։ 2018-ին եղած է փոխվարչապետի խորհրդականը, 2019-ին նշանակուած է արդարադատութեան փոխնախարար։

Գործող Մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Արման Թաթոյեանի պաշտօնավարման ժամկէտը կը լրանայ Փետրուարին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment