Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Իմ Քայլ»էն Պնդած Են, Որ Մէկ Տարի Փորձած Են Համագործակցութեան Եզր Գտնել Մարութեանին Հետ, Բայց Չեն Յաջողած

«Իմ Քայլ»էն Պնդած Են, Որ Մէկ Տարի Փորձած Են Համագործակցութեան Եզր Գտնել Մարութեանին Հետ, Բայց Չեն Յաջողած

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան գրասենեակէն ներս այսօր՝ Դեկտեմբեր 17-ին հանդիպեցաւ Երեւանի աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութեան հետ: Քննարկման գլխաւոր թեման Երեւանի քաղաքապետ՝ Հայկ Մարութեանի պաշտօնանկութեան հարցը եղած է:

Նիստէն յետոյ Փաշինեան անարձագանգ ձգեց «Ազատութիւն»ին հարցը, թէ ինչո՞ւ կը ցանկայ, որ Հայկ Մարութեան հրաժարական ներկայացնէ: Ի դէպ, երբ ան պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի ուղեկցութեամբ կը հեռանար, այնտեղ հաւաքուած քաղաքացիները գոռացին, թէ «Պապիկեանին հեռացրէք»:

«Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Գալջեան, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին անդրադառնալով քաղաքապետին անվստահութեան յայտնելու գործընթացին, ըսաւ, որ Հայկ Մարութեանի` մէկ տարի առաջ կուսակցութենէն հեռանալէն յետոյ քաղաքական ճգնաժամ ստեղծուած է, եւ այս գործընթացը պայմանաւորուած է այդ ճգնաժամը լուծելու իրենց ցանկութեամբ:

«Կայ քաղաքական ճգնաժամ, կան քաղաքական ուղենիշի տարբերութիւններ», – ըսաւ ան աւելցնելով. «Դրանից յետոյ սկսուել է քաղաքական ճգնաժամ։ Մենք մօտաւորապէս մէկ տարի փորձել ենք համագործակցութեան եզրեր փնտռել, բայց, ցաւօք սրտի, դա չի յաջողուել»:

«Ազատութիւն»ի մէկ այլ հարցին, թէ ինչպէս այդ ճգնաժամը արտայայտուած եւ ինչպէ՞ս քաղաքացին իր վրայ զգացած, աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավարը արձագանգեց. «Դա միգուցէ շատ յաճախ չի արտայայտուել, քաղաքացիները չեն նկատել, բայց խորքային թէ կառավարութեան հետ փոխյարաբերութիւններում, թէ տարբեր աշխատանքային հարցերում, թէ Երեւանի աւագանու հետ յարաբերութիւններում դա բազմաթիւ անգամ արտայայտուել է, ուղղակի մենք դա հրապարակային չենք դարձրել, որովհետեւ քաղաքական ճշգրտութիւնը թոյլ չի տուել»։

Յիշեցնենք, որ Երեւանի աւագանիի «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը քաղաքապետ Մարութեանին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց սկսած է, անհրաժեշտ թիւով ստորագրութիւնները, ըստ անոնց, հաւաքուած են:

Աւելի ուշ խմբակցութիւնը տարածած յայտարարութեամբ կրկին շեշտած է, որ մէկ տարի առաջ, իր դիմումի համաձայն, լքելով ՔՊ կուսակցութիւնը եւ «Իմ քայլը» դաշինքը` Մարութեան «դրանից յետոյ ծաւալուած ու Հայաստանի ժողովրդավարութեան համար որոշիչ քաղաքական իրադարձութիւնների ժամանակ իր գործողութիւններով վերահաստատել է իր՝ ՔՊ կուսակցութեան եւ «Իմ քայլը» դաշինքի հետ որեւէ քաղաքական պատասխանատուութիւն չկիսելու որոշումը»:

Աւելին, ըստ Երեւանի քաղաքապետարանի մէջ մեծամասնութիւն կազմող խմբակցութեան` քաղաքապետը բաւարար արդիւնաւէտութեամբ չէ կատարած եւ չի կատարեր դաշինքի՝ Երեւանի քաղաքացիներուն առաջ ստանձնած եւ նախընտրական ծրագրով ամրագրուած պարտաւորութիւնները:

«Հայկ Մարութեանը բաւարար չափով չի իրականացրել եւ չի իրականացնում Երեւանի քաղաքապետարանից համակարգային քոռուփցիայի վերացման կարեւորագոյն առաքելութիւնը:

Դաշինքը երեւանցիների առաջ ստանձնած իր պարտաւորութիւնները եւ մանտաթը չի կարող իրագործել մի իրավիճակում, երբ քաղաքապետը խզել է կապը աւագանու քաղաքական մեծամասնութեան՝ «Իմ քայլը» դաշինքի հետ», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Նաեւ պաշտօնապէս յայտարարուած է, որ «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը մայրաքաղաքի ղեկավարի պաշտօնին համար կ’առաջադրէ գործող առաջին փոխքաղաքապետ Հրաչեայ Սարգսեանի թեկնածութիւնը:

Ի դէպ, որպէս եզրափակիչ մաս աւագանիի խմբակցութիւնը Հայկ Մարութեանին յաջողութիւն մաղթած է «իր նոր քաղաքական հանգրուանում»։

Լրատուամիջոցներէն մէկը օրերս յօդուած հրապարակած էր, թէ քաղաքապետը փոխած է ճամբարը, նոյնիսկ հանդիպում ունեցած Ռոպերթ Քոչարեանին հետ։

Երկու կողմն ալ հերքած էր նման հանդիպումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment