Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Յանուն ժողովրդավարութեան» Համաժողովը եւ Յունուար 6-ի Յանձնաժողովը

«Յանուն ժողովրդավարութեան» Համաժողովը եւ Յունուար 6-ի Յանձնաժողովը

by MassisPost

Անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ` Ճօ Պայտընի հրաւէրով տեղի ունեցաւ «Յանուն ժողովրդավարութեան»  տեսակապով համաժողովը, որուն հրաւիրուած էին աշխարհի աւելի քան հարիւր երկիրներու ղեկավարները, որոնց շարքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Քննարկումներու օրակարգին վրայ էին` ժողովրդավարութեան դէմ սպառնալիքները դիմագրաւելու, քորուփցիայի դէմ պայքարին ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր:

«Յանուն ժողովրդավարութեան» Համաժողովը տեղի կ’ունենար այն պահուն, երբ սեւ ամպեր կուտակուած են նոյնինքն` Ամերիկայի ժողովրդավարութեան երկնքին, որոնք կը սպառնան այս երկրի ներկային ու ապագային:

Ներկայացուցիչներու  Տան կողմէ կազմուած Յատուկ Յանձնաժողովը կը շարունակէ ստուգումները` բացայայտելու համար անցեալ Յունուար 6-ին, Գափիթոլի շէնքին վրայ կատարուած յարձակումին բոլորը ծալքերը ու այդ դէպքերու կազմակերպիչներն ու պատասխանատուները:

Յատուկ  Յանձնաժողովը մինչեւ օրս ստացած է հազարաւոր փաստաթուղթեր ու լսած է հարիւրաւոր վկաներ եւ ձեռք ձգուած փաստերը կու գան ցոյց տալու թէ, նախկին նախագահ  Տանոլտ Թրամփ ու իր անմիջական շրջապատը կարծուածէն  աւելի լայն միջամտութիւններ կատարած են ու ճնշումներ գործադրած`  փորձելով շրջել  նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները եւ  մնալու  աթոռին: Իսկ, Յունուար 6-ի իրադարձութիւնները չեն եղած ինքնաբուխ, այլ ունեցած են կազմակերպուած բնոյթ` տապալելու համար այդ օրը Գոնկրէս երկու պալատներէն  ներս տեղի ունեցող` օրէնքով սահմանուած սահմանադրական գործընթացը` նոր նախագահի ընտրութիւնը հաստատելու համար:

Ցարդ ձեռք ձգուած փաստերը կ’երթան այն ուղղութեամբ, որ Թրամփ ոչ միայն մասնակից եղած է Յունուար 6-ի յարձակումի նախապատրաստական աշխատանքներուն, այլ եւ նպատակ ունեցած է իրականացնելու յեղաշրջում:

Նախկին նախագահի բազմաթիւ օգնականներ, գլխաւորութեամբ Սպիտակ Տան աշխատակազմի ղեկավար` Մարք Մէտոզի, կը մերժեն ներկայանալ Յանձնաժողովին առջեւ ու այդ պատճառաւ Ներկայացուցիչներու Տունը իրենց պարագան կ’ուղարկէ Արդարադատութեան Բաժանմունք` դատական մեղադրանքի ենթարկուելու համար:

Թրամփ մինչեւ օրս կը մերժէ ընդունիլ իր պարտութիւնը եւ իր համակիրները կը համոզէ, որ ընտրութիւնները կեղծուած են, հակառակ որ բոլոր մակարդակներու դատարանները մերժեցին իր դիմումները` փաստերու բացակայութեան պատճառաւ: Հանրապետական մեծամասնութիւն ունեցող նահանգներու մէջ փոփոխութեան կ’ենթարկուին ընտրական օրէնքներն ու կը գծուին ընտրաշրջաններու նոր քարտէսներ` նախկին նախագահի կողմնակիցներուն համար նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու նպատակով:

Ներկայիս շատերու մօտ կայ խիստ մտահոգութիւն, որ Թրամփ յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն պիտի փորձէ գալ իշխանութեան ու այդ նպատակին հասնելու համար պիտի օգտագործէ բոլոր միջոցները` երկիրը դնելով քաղաքացիական պատերազմի հեռանկարին առջեւ, որ կրնայ հասցնել Միացեալ Նահանգներու քայքայման ու փլուզման: Քաղաքական մեկնաբաններ ու յօդուածագիրներ բացէ ի բաց կը խօսին նման հաւանականութիւններու մասին:

Ներկայիս ընթացող գաղտնի լսումներուն պիտի յաջորդեն հեռարձակուող վկայութիւններ, որպէսզի Ամերիկացի  ժողովուրդը տեղեակ ըլլայ թէ, այդ օրերուն ինչպիսի վտանգի առջեւ կանգնած էր երկիրը:

Դէպքերու յառաջիկայ ընթացքը կանխելու համար Գոնկրէսը պարտաւոր է սահմանել ընտրական միատեսակ օրէնքներ, որոնք գործադրելի ըլլան բոլոր նահանգներուն կողմէ: Գոնկրէսը ունի այդ իրաւասութիւնը եւ Դեմոկրատ մեծամասնութիւնը պէտք է դիմէ այդ քայլին, նախ քան որ ուշ ըլլայ: Երկրորդը` Յունուար 6-ի Յանձնաժողովի վերջնական եզրակացութենէն ետք, Արդարադատութեան Բաժանմունքը Տանոլտ Թրամփին պէտք է ենթարկէ քրէական պատասխանատուութեան` իր երդումին հակառակ Սահմանադրութիւնը ու օրէնքներ խախտելու  եւ յեղաշրջումի փորձ կատարելու մեղադրանքով:

Հակառակ որ, նախկին նախագահներուն դատելու աւանդոյթ չկայ այս երկրէն ներս, սակայն նաեւ Միացեալ Նահանգները չէ ունեցած Թրամփի նման օրինազանց նախագահ: Ներկայիս կը պահանջուին կտրուկ քայլեր` Ամերիկայի ժողովրդավարութիւնը փրկելու համար, այլապէս իմաստ պիտի չունենան այլ երկիրներուն ժողովրդավարութեան դասեր տալու համար կազմակերպուող համաժողովները:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment