Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Փաշինեան-Մաքրոն-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպում

Պրիւքսէլի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Փաշինեան-Մաքրոն-Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպում

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի աւարտէն յետոյ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի, Ֆրանսայի նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը։

Ըստ Հայաստանի վարչապետի գրասենեակին, ան կայացած է Ֆրանսայի նախագահի նախաձեռնութեամբ։ Հանդիպումէն այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր։

Դեկտեմբեր 15-ին ալ տեղի ունեցած էր Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում՝ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավար՝ Շարլ Միշէլի նախաձեռնութեամբ։ Բանակցութիւնները տեւած էին աւելի քան չորս ժամ։ Հանդիպումէն յետոյ եւրոպացի բարձրաստիճան դիւանագէտը ըսած էր, որ հարցերը բարդ էին, քննարկումը՝ բաց եւ անկեղծ։

Փաշինեան Պրիւքսէլի  մէջ Եւրոպական խորհուրդին մէջ, մասնակցած է Արեւելեան գործընկերութեան (ԱԼԳ) 6-րդ գագաթնաժողովին: Միջոցառման մասնակցած են ԱԼԳ մասնակից պետութիւններու` Հայաստանի, Ուքրանիոյ, Մոլտովիոյ եւ Ատրպէյճանի առաջնորդները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու ղեկավարները:

Հանդիպումը առաջին անգամ ըլլալով կայացած է առանց Պելառուսիոյ։ Ան այս ամառ դադրեցուցած էր իր մասնակցութիւնը ծրագիրին՝ երկրին դէմ ԵՄ-ի պատժամիջոցներուն պատճառով։

Մինչեւ լիագումար նիստի մեկնարկը, տեղի ունեցած է ԱԼԳ մասնակից երկիրներու առաջնորդներու տեսալուսանկարահանման արարողութիւնը` Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի, Եւրոպական միութեան յանձնաժողովի նախագահ՝ Ուրսուլա Ֆոն տէր Լայենի եւ ԵՄ նախագահող Սլովենիոյ վարչապետ՝ Եանէզ Եանշայի հետ:

Գագաթնաժողովը կը կեդրոնանայ առանցքային հինգ ոլորտներու՝ տնտեսութեան, կառավարման, շրջակայ միջավայրի, թուայնացման եւ հասարակութիւններու ուղղութեամբ աջակցութեան վրայ։ Հայաստանի վարչապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Արեւելեան գործընկերութեան ծիրէն ներս Եւրոպական միութեան հետ համագործակցութեան, Հայաստանի մէջ կատարուող հաստատութենական բարեփոխութիւններուն եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման քայլերուն, փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս տեղի ունեցող զարգացումներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment