Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Անգարան Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար Յատուկ Ներկայացուցիչ Կը Նշանակէ Սերտար Քըլըճը

Անգարան Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար Յատուկ Ներկայացուցիչ Կը Նշանակէ Սերտար Քըլըճը

by MassisPost

Անգարան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար յատուկ ներկայացուցիչ կը նշանակէ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ նախկին դեսպան՝ Սերտար Քըլըճը: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ ԱԳ նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն:

Սերտար Քըլըճ աւարտած է Անգարայի համալսարանի քաղաքագիտութեան ճիւղը: 63-ամեայ դիւանագէտը 1984 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութիւն կ’աշխատի: 2006-2008 թուականներուն նախարարութեան ՆԱԹՕ-ի հարցերով վարչութեան ղեկավարի օգնական եղած է, 2008-2010 թուականներուն Պէյրութի մօտ Թուրքիոյ դեսպանի պաշտօնը գրաւած է: 2010-2012 թուականներուն եղած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար, 2012-2014 թուականներուն Թոքիոյի մօտ, 2014-2021 թուականներուն Ուաշինկթընի մօտ Անգարայի դեսպանը:

Պաշտօնական Երեւանը դեռ չէ յայտարարած, թէ ով պիտի ըլլայ Հայաստանի բանագնացը Անգարայի մօտ:

Դեկտեմբեր 13-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարեց, որ Պաշտօնական Երեւանը եւ Անգարան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած յստակ քայլեր ձեռնարկելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն եւ երկուստեք յատուկ ներկայացուցիչներ կը նշանակեն:

Հայաստանի ԱԳ նախարարութիւնը դրական գնահատած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը եւ հաստատած, որ երկխօսութեան համար յատուկ ներկայացուցիչ կը նշանակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment