Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան ու Ատրպէյճան Առաջիկային Պիտի Վերագործարկեն Երասխ-Ջուլֆա-Մեղրի-Հորադիզ Երկաթուղագիծը

Հայաստան ու Ատրպէյճան Առաջիկային Պիտի Վերագործարկեն Երասխ-Ջուլֆա-Մեղրի-Հորադիզ Երկաթուղագիծը

by MassisPost

Դեկտեմբեր 16-ի կառավարութեան նիստին վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ Երեւանի մտադրութիւնն է օր առաջ ունենալ այդ երկաթուղագիծը։ Այն, ըստ Հայաստանի առաջնորդին, «էականօրէն կը փոխէ տարածաշրջանի տնտեսական, ներդրումային, քաղաքական եւ անվտանգային միջավայրը»:

44-օրեայ պատերազմին յաջորդած աւելի քան մէկ տարուայ բանակցութիւններէն եւ նախօրէին Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի ղեկավարի, այնուհետեւ Ֆրանսայի նախագահի միջնորդութեամբ կայացած Փաշինեան-Ալիեւ քանի մը ժամնոց հանդիպումներէն յետոյ, վերջապէս յստակացաւ, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը առաջիկային պիտի վերագործարկեն Երասխ-Ջուլֆա-Մեղրի-Հորադիզ երկաթուղագիծը։

«Պրիւքսէլում տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքում Ատրպէյճանի նախագահի հետ մենք վերահաստատել ենք Երասխ-Ջուլֆա-Օրդուբադ-Մեղրի-Հորադիզ երկաթուղու կառուցման մեր որոշումն ու պայմանաւորուածութիւնը», – ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետը հարկ համարեց յիշեցնել, որ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Մոսկուայի միջնորդութեամբ եւ փոխվարչապետներու մասնակցութեամբ գործող եռակողմ՝ Ռուսաստան-Հայաստան-Ատրպէյճան աշխատանքային խումբի քննարկումներու արդիւնքով, որ արձանագրուած է այս Նոյեմբեր 26-ին Սոչիի մէջ Փութին-Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման։

«Ուզում եմ ընդգծել, որ երկաթուղին կը գործի սահմանային եւ մաքսային միջազգայնօրէն ընդունուած կանոնների համաձայն՝ փոխադարձութեան սկզբունքով եւ երկրների ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ: Հայաստանն այս երկաթուղով հասանելիութիւն կը ստանայ դէպի Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն եւ Ռուսաստանի Դաշնութիւն: Ատրպէյճանն երկաթուղային կապ կը ստանայ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ», – նշած է վարչապետը:

Արդեօ՞ք մաքսակէտեր պիտի տեղադրուին Ատրպէյճանի ու Նախիջեւանի հետ սահմանին՝ երկաթուղագիծով բեռնափոխադրումները, ուղեւորներու փոխադրումները համապատասխան կարգով իրագործելու համար։ «Ազատութիւնը» հարցում ուղարկած է Պետական եկամուտներու կոմիտէ, եւ դեռ չեն արձագանգած։

Այս, ինչպէս նաեւ հայաստանեան հատուածը կառուցուող կամ վերանորոգուող երկաթուղագիծի գինի ու ժամկէտներու մասին հարցերուն Փաշինեան նոյնպէս չանդրադարձաւ գործադիրի նիստին, բայց ըսաւ, որ առաջիկայ օրերուն աւելի նեղ կազմով խորհրդակցութիւն կը կայանայ՝ յստակացնելու երկաթուղագիծի վերագործարկման ժամանակացոյցը, ճանապարհային քարտէզը. – «Եթէ մեզ յաջողուի որոշակի երկխօսութիւն սկսել եւ արդիւնաւէտ երկխօսութիւն Թուրքիոյ հետ, յաջողուի հասնել սահմանի եւ հաղորակցութիւնների բացմանը, այս նախագիծը կարող է շատ աւելի մեծ մաշտապ ստանալ: Այսինքն, ըստ էութեան, երկաթուղին, որի մասին խօսում ենք, Երասխից մինչեւ Գիւմրի գոյութիւն ունի, գիտէք, որ Գիւմրիից Կարս երկաթուղի նոյնպէս գոյութիւն ունի: Բայց այս ամէն ինչն ասում եմ հետեւեալի համար, որ մենք պիտի սկսենք երկաթուղու շինարարութիւնը»։

Փաշինեան եզրափակեց, թէ Ալիեւի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է եւ պիտի շարունակէ շփումները՝ տարաձայնութիւնները յաղթահարելու նպատակով։

Հայաստան-Ատրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները քննարկուած են նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի ու ԱՄՆ նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնական Ճէյք Սալիվանի երէկուայ հանդիպման: Ամերիկեան կողմի հաղորդմամբ, Պայտընի օգնականը մտահոգութիւն յայտնած է Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ լարուածութեան վերաբերեալ՝ միեւնոյն ժամանակ ողջունելով կողմերու միջեւ շփումներու շարունակումը եւ նշելով, որ ԱՄՆ պատրաստակամ է աջակցելու վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներուն ինչպէս երկկողմանի մակարդակով, այնպէս ալ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ծիրէն ներս։

Ճէյք Սալիվան նաեւ ողջունած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի ջանքերը յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment