Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Ողջունած Է Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղութեամբ Ձեռնարկուող Քայլերը

ԱՄՆ Ողջունած Է Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Ուղղութեամբ Ձեռնարկուող Քայլերը

by MassisPost

ԱՄՆ ողջունած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ կողմէ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:

«Մենք կ’ողջունենք եւ վճռականօրէն կ’աջակցինք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնները կարգաւորման գործընթացի համար յատուկ ներկայացուցիչներ նշանակելու վերաբերեալ»,- Թուիթըրով գրած է ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն:

Պաշտօնական Երեւանը եւ Անգարան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած յստակ քայլեր ձեռնարկելու պատրաստակամութիւն յայտնած են եւ երկուստեք յատուկ ներկայացուցիչներ կը նշանակեն, նախօրէին յայտարարած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն։

Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը, սակայն, չէ մանրամասնած, թէ երբ ձեռք բերուած է այդ պայմանաւորուածութիւնը, երբ պիտի սկսին աշխատիլ այս ուղղութեամբ, եւ որոնք պիտի ըլլան այդ ներկայացուցիչները:

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը դրական գնահատած է Չաւուշօղլուի յայտարարութիւնը եւ հաստատած, որ երկխօսութեան համար յատուկ ներկայացուցիչ կը նշանակուի: Պաշտօնական Երեւանը եւս, սակայն, այլ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment