Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Կալանաւորուած են Հայաստանի ՊՆ Եւ ԶՈՒ Բարձրաստիճան Սպաներ

Կալանաւորուած են Հայաստանի ՊՆ Եւ ԶՈՒ Բարձրաստիճան Սպաներ

by MassisPost

Կալանաւորուած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուած ուժերու բարձրաստիճան սպաներ, յայտնած է Քննչական կոմիտէն։

Ըստ հաղորդագրութեան, նախարարութեան N զօրամասի թիկունքի պետ-հրամանատարի թիկունքի եւ համայնքային շահագործման ծառայութեան գծով տեղակալ, գնդապետ Ա.Կ.-ը 2021-ի Յուլիսին, նոյն զօրամասի իրային ծառայութեան պետ, փոխգնդապետ Տ.Պ-ի հետ նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերած է յափշտակելու նոյն զօրամասի հաշուեկշռին մէջ գտնուող զինուորական նշանակութեան N տեսակի 6 հատ չօգտագործուած վրանները։

Այդ նպատակով, ըստ կոմիտէին, Ա.Կ.-ն եւ Տ.Պ.-ն յիշեալ 6 վրանները հաշուառած են 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով անվերադարձ կորսուած, արհեստականօրէն առաջացուցած են տուեալ ապրանքներու աւելցուկ՝ այդ եղանակով յափշտակելով ընդհանուր 6 միլիոն 726 հազար դրամ արժողութեամբ վերոնշեալ վրանները։

Այնուհետեւ, ըստ Քննչական կոմիտէին, Ա.Կ.-ն եւ Տ.Պ.-ն յանցաւոր համաձայնութիւն ձեռք բերած են յափշտակուած վրանները Պաշտպանութեան նախարարութեան վաճառելու վերաբերեալ եւ Ա.Կ.-ն իր հերթին նախնական համաձայնութիւն ձեռք բերած է ՀՀ ԶՈՒ գլխաւոր շտապի թիկունքի վարչութեան իրային ծառայութեան պետ, գնդապետ Ա.Թ.-ի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment