Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Վերաքննիչը Մերժեց «Սասնա Ծռեր»-Ու 9 Անդամներու Բողոքները

Վերաքննիչը Մերժեց «Սասնա Ծռեր»-Ու 9 Անդամներու Բողոքները

by MassisPost

Դատարանը մասնակի բաւարարեց դատախազութեան բողոքը՝ Արմէն Պիլեան դատապարտուեցաւ 25 տարուայ ազատազրկման եւ դատարանի դահլիճէն ներս կալանաւորուեցաւ:

Վերաքննիչ քրէական դատարանը վճռեց մերժել «Սասնա ծռեր»-ու 9 անդամներու բողոքները։

Ոստիկանութեան պարեկապահակէտային ծառայութեան (ՊՊԾ) գունդի գրաւման համար շարք մը յօդուածներով դատապարտուած խումբի անդամները կը պահանջէին կա՛մ արդարացնել իրենց, կա՛մ գործը նոր քննութեան ուղարկել:

Փետրուարին առաջին ատեանի դատարանը «Սասնայ ծռեր»-ու 9 առանցքային անդամներուն մեղաւոր գտաւ շարք մը յօդուածներով, անոնց շարքին՝ շէնքեր-շինութիւններ գրաւելու համար, անոնք դատապարտուած են 6-էն 8 տարուայ ազատազրկման։ Ամենածանր վճիռը կայացուած էր Սմբատ Բարսեղեանի նկատմամբ՝ ան 25 տարուայ կալանքի դատապարտուած է երկու ոստիկաններու՝ Եուրի Տեփանոսեանի եւ Արթուր Վանոյեանի մահուան համար։ Բարսեղեանէն զատ, միւս բոլոր ամբաստանեալներն ազատութեան մէջ են, քանի դեռ չէ աւարտած բողոքներու քննութիւնը։

Երրորդ ոստիկանի՝ Գագիկ Մկրտչեանի սպաննութեան համար մեղադրուող Արմէն Պիլեան առաջին ատեանին արդարացուած էր՝ բաւարար ապացոյցներու բացակայութեան հիմքով։ Դատախազութիւնը պահանջած էր վերանայիլ այդ որոշումը։

Դատախազութիւնը պահանջած էր նաեւ կալանաւորուած Սմբատ Բարսեղեանի պատիժը խստացնել՝ դատապարտելով ցմահ ազատազրկման ։
https://www.azatutyun.am/a/31603442.html
Փոխհրաձգութեան Հետեւանքով Զոհուած Է Ժամկէտային Զինծառայող Վահէ Մանասէրեան. Կայ Ութ Վիրաւոր

 

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ այսօրուայ՝ Դեկտեմբեր 10-ի սահմանային փոխհրաձգութեան հետեւանքով զոհուած զինծառայողը ժամկէտային, շարքային Վահէ Վաղարշակի Մանասէրեանն է (2002-ի ծնունդ)։

Գերատեսչութիւնը աւելի վաղ հաղորդած էր, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ՝ Գեղարքունիքի մարզ, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը ձեռնարկած էին գործողութիւններու, կար մէկ զոհ, սակայն անոր տուեալները դեռ չէին հրապարակուած:

ՊՆ-ն տեղեկացուցած է նաեւ, որ եւս ութ զինծառայող վիրաւոր է։ Վեց զինծառայողի վիճակը կը գնահատուի ծանր, իսկ միւս երկուքինը, համապատասխանաբար, միջին եւ թեթեւ։

Պաքուն իր հերթին մեղադրած էր հայկական կողմը Քարվաճառի ուղղութեամբ գնդակոծութիւններու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment