Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իշխան Զաքարեան Լքած Է «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւնը, Յայտարարած, Որ Պիտի Գործէ Ընդդիմադիր Դաշտը

Իշխան Զաքարեան Լքած Է «Պատիւ Ունեմ» Խմբակցութիւնը, Յայտարարած, Որ Պիտի Գործէ Ընդդիմադիր Դաշտը

by MassisPost

Իշխան Զաքարեան որոշած է դուրս ելլել Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Պատիւ ունեմ» խմբակցութենէն, դառնալ ոչ մէկ խմբակցութեան մէջ ընդգրկուած պատգամաւոր։ Զաքարեանի որոշումը դահլիճէն ներս հրապարակեց ԱԺ-ի փոխնախագահ՝ Ռուբէն Ռուբինեան՝ անոր բացակայութեան պայմաններուն տակ, ու երբ նիստը արդէն աւարտած էր։

«Քուէարկութիւններն արդէն աւարտուեցին, ուզում եմ տեղեկացնել, որ երէկ պատգամաւոր Իշխան Զաքարեանը գրութիւն է ուղղել ԱԺ նախագահին` յայտնելով, որ ԱԺ կանոնակարգ օրէնքի յօդուած 3-րդի 1-ին մասի 9-րդ կէտով ինքը դուրս է եկել «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան կազմից եւ գործելու է որպէս անկախ պատգամաւոր», – տեղեկացուց ԱԺ փոխխօսնակը:

Ռոպերթ Քոչարեանի կառավարման տարիներուն, Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէն, Սերժ Սարգսեանի նախագահութեան ժամանակ Վերահսկիչ պալատը ղեկավարած Իշխան Զաքարեան նաեւ տարբեր գումարումներու խորհրդարաններուն մէջ` «Հանրապետութիւն», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Ծառուկեան» խմբակցութիւններու պատգամաւոր եղած է ։

Իշխան Զաքարեան «Պատիւ ունեմ»-ի մէջ յայտնուած էր դաշինքի մաս կազմող «Հայրենիք» կուսակցութեան շնորհիւ։

Կուսակցութեան նախագահ՝ Արթուր Վանէցեան, որ նաեւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան ղեկավարն է, հրաժարեցաւ մեկնաբանելէ Զաքարեանի որոշումը, խմբակցութեան քարտուղար՝ Հայկ Մամիջանեան եւս առատախօս չէր:

Այսօր լրատուամիջոցները տարածեցին Իշխան Զաքարեանի յայտարարութիւնը, որմէ պարզ չի դառնար, թէ յստակ ինչու որոշեց լքել խմբակցութիւնը։

Պնդած էր, թէ պիտի գործէ ընդդիմադիր դաշտը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment