Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատարանը Բաւարարած Է Հայաստան Վերադարձուած Գերիներէն Երկուքի Կալանաւորման Միջնորդութիւնը

Դատարանը Բաւարարած Է Հայաստան Վերադարձուած Գերիներէն Երկուքի Կալանաւորման Միջնորդութիւնը

by MassisPost

Դեկտեմբեր 9-ին յայտնի դարձաւ, որ օրերս Հայաստան վերադարձած տասը գերիներէն հինգին մեղադրանք առաջադրուած է մարտական հերթապահութիւն կամ մարտական ծառայութիւն կրելու կանոնները խախտելու յօդուածով։ Այս արարքը կը պատժուի երեքէն ութ տարի ազատազրկմամբ։

Դեկտեմբեր 4-ին Հայաստան վերադարձուած գերիներէն երկուքը՝ պայմանագրային զինծառայողներ, դատարանի որոշմամբ կալանաւորուած են։ Ինչպէս «Ազատութիւն»ին հաղորդեցին նախկին գերիներու պաշտպանները, դատարանը մերժած է զօրամասի գումարտակի հրամանատարի տեղակալ, մայոր Նարեկ Երեմեանի կալանաւորման միջնորդութիւնը։

Զինծառայողներէն երկուքի կալանքի հարցը դատարանը դեռ կը քննէ։ Մեղադրեալի կարգավիճակ ունեցող զինծառայողները գերեվարուած էին Նոյեմբեր 16-ին՝ Սիւնիքի ու Վայոց Ձորի սահամանագօտիէն ներս ծաւալուած արիւնալի մարտերու օրը։ Այդ օրը հայկական կողմը երկու դիրք կորսնցուցած էր ։ Աւելի վաղ այս գործի ծիրէն ներս կալանաւորուած էին կորսուած դիրքի երկու պատասխանատուները՝ մարտական ծառայութեան կանոնները խախտելու մեղադրանքով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment