Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Փոխհրաձգութիւնը Դադրած Է, Հայկական Կողմը Ունի Երկու Վիրաւոր

Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին Փոխհրաձգութիւնը Դադրած Է, Հայկական Կողմը Ունի Երկու Վիրաւոր

by MassisPost

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին փոխհրաձգութեան հետեւանքով երկու հայ զինծառայող այսօր՝ Դեկտեմբեր 9-ին թեթեւ վիրաւորում ստացած է, հաղորդած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ աւելցնելով, որ ժամը 18:00-ի դրութեամբ սահմանի Գեղարքունիքի ուղղութեամբ փոխհրաձգութիւնը դադրած է։

Վերջին երկու օրերուն կրակոցներու մասին հաղորդագրութիւնները կը յաջորդեն մէկը միւսին։ Կողմերը զիրար կը մեղադրեն հրադադարը խախտելու համար։

Նախորդ գիշեր կրակոցները լսուած են Վերին Շորժա, «Ազատութիւն»-ին հաղորդած  է Գեղարքունիքի մարզի սահմանամերձ համայնքի ղեկավար Արտիոմ Երանոսեան։ «Կրակոցներ այս գիշեր ժամը 1-ից մինչեւ առաւօտուայ 4:30-5-ի մօտակայքում եղել են», – ըսաւ համայնքի ղեկավարը:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը աւելի վաղ տեղեկացուցած էր, որ ատրպէյճանական կողմը երէկ տարբեր ուղղութիւններով կրակ բացած է հայկական դիրքերու ուղղութեամբ, Երեւան տուժածներու մասին չի յայտներ, Պաքուն հաղորդած է, որ գիշերուայ կրակոցներու հետեւանքով մէկ ատրպէյճանցի զինծառայող զոհուած է ։

Երեւան Ատրպէյճանի ՊՆ-ին կոչ կ’ընէ ձեռնպահ մնալ իրադրութիւնը սրելու միտուած սադրիչ գործողութիւններէ։ Պաքուն ալ իր հերթին Հայաստանը կը մեղադրէ իրադրութիւնը սրելու համար՝ նշելով, որ սահմանային հերթական լարուածութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը հայկական կողմին վրայ է։

Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ Երեւանն ու Պաքուն համաձայնած են ուղիղ հաղորդակցութեան գիծ հաստատել` պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով, որ կը ծառայէ որպէս միջադէպերու կանխարգիլման մեքենականութիւն:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սոչիի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման ընդառաջ տուած առցանց ասուլիսով յայտնած էր, որ յանձնարարած է պաշտպանութեան նախարարին օգտագործել այդ կապը. – «Հիմա ես մեր պաշտպանութեան նախարարին յանձնարարել եմ, որ աշխուժօրէն այդ կապը օգտագործէ եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերի կողմից հրադադարի խախտման դէպքերի մասին տեղեկատւութիւն փոխանակի Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի հետ՝ առաջարկելով, որ նոյնն անի նաեւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը, որպէսզի մենք տեսնենք՝ ով ինչպէս է արձագանգում, եւ սրանից աւելի ակնյայտ կը դառնայ, թէ ով է աւելի շահագրգիռ սադրանքների մէջ»:

Արդեօք երկու երկիրների պաշտպանութեան նախարարները կը քննարկե՞ն երէկուայ լարուածութիւնը, կարելի չեղաւ ճշդել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment