Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լրագրողական Կազմակերպութիւններու Համատեղ Յայտարարութիւնը Լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի Դէմ Կատարուած Արշաւի Կապակցութեամբ

Լրագրողական Կազմակերպութիւններու Համատեղ Յայտարարութիւնը Լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի Դէմ Կատարուած Արշաւի Կապակցութեամբ

by MassisPost

Աշխատանքային ուղեւորութեամբ ԱՄՆ գտնուող լրագրող՝ Թաթուլ Յակոբեան Դեկտեմբեր 8-ին ահազանգած է, որ իր հասցէին սպառնալիքներու, հաշուեյարդարի, նոյնիսկ կեանքէն զրկելու կոչեր հնչած են: Ըստ Յակոբեանին՝ այդ արշաւը կ’ուղղորդուի Հայաստանէն եւ ԱՄՆ հայկական որոշ շրջանակներէն, իսկ սպառնալիքներու առիթը, ըստ լրագրողին, վերջերս հրապարակայնօրէն արտայայտած իր հետեւեալ միտքն է․ «Հայաստանն այնտեղ է, որտեղ կանգնած է հայ զինուորը»:

Այս փաստին վրայ լրագրողը յատկապէս հրաւիրած է իրաւապահ մարմիններու, լրագրողական կազմակերպութիւններու, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի, ՀՀ-ի մօտ ԱՄՆ դեսպանատան ուշադրութիւնը։ Ան խոստացած է Հայաստան վերադառնալուն պէս իր դէմ արշաւի վերաբերեալ անուններ եւ փաստեր ներկայացնել։ Այս պահուն լրագրողը կը գտնուի ԱՄՆ-ի ոստիկանութեան ուժերու պաշտպանութեան ներքոյ, ըսուած է յայտարարութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ նաեւ ըսուած է «Տեղի ունեցածը եւս մէկ անգամ վկայում է, որ թէ՛ քաղաքական շրջանակներում, թէ՛ հայ հասարակութեան մէջ չի ձեւաւորուել քաղաքակիրթ բանավէճի մշակոյթ, իսկ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմից յետոյ ծայրաստիճան սրուած անհանդուրժողականութիւնը այլակարծութեան նկատմամբ խորանում է։

Անկախ նրանից՝ որեւէ մէկին դուր են գալիս Թաթուլ Յակոբեանի մտքերն ու վերլուծութիւնները, թէ ոչ, նա հայ լրագրութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներից մէկն է, որը խորապէս ուսումնասիրել է Արցախեան խնդիրը եւ խիզախօրէն լուսաբանել է այն, այդ թւում՝ ռազմական գործողութիւնների առաջնագծից։ Որպէս լրագրող, վերլուծաբան եւ քաղաքացի՝ նա իրաւունք ունի ազատօրէն կարծիք արտայայտել, եւ դրա համար իր եւ առհասարակ ցանկացած անձի հասցէին սպառնալիքներ ու կեանքից զրկելու կոչեր ուղղելը քրէօրէն պատժելի արարք է։

Մենք՝ ներքոստորագրեալ կազմակերպութիւններս, խստօրէն դատապարտում ենք Թաթուլ Յակոբեանի նկատմամբ իրականացուող անթոյլատրելի արշաւը եւ զօրակցութիւն ենք յայտնում մեր գործընկերոջը։

Տեղի ունեցածի առնչութեամբ պահանջում ենք․

ՀՀ դատախազութիւնից՝ անյապաղ միջոցառումներ ձեռնարկել այս սպառնալիքների արշաւն իրականացնողներին ու նրանց ուղղորդողներին բացայայտելու եւ պատասխանատւութեան ենթարկելու համար, մանաւանդ, որ լրագրողը պատրաստ է տալ յստակ անուններ,

Ոստիկանութիւնից՝ Հայաստան ժամանելուն պէս ապահովել Թաթուլ Յակոբեանի անվտանգութիւնը։

Կոչ ենք անում լրագրողական հանրութեանը՝ համերաշխութիւն ցուցաբերել եւ սատարել Թաթուլ Յակոբեանին՝ դիմակայելու իր նկատմամբ ձեռնարկուած դատապարտելի գործողութիւններին։

Խօսքի ազատութեան պաշտպանութեան կոմիտէ
Երեւանի մամուլի ակումբ
Մեդիա նախաձեռնութիւնների կեդրոն
Լրագրողների «ասպարէզ» ակումբ
Ինֆորմացիայի ազատութեան կեդրոն
Բազմակողմանի տեղեկատւութեան ինստիտուտ – հայաստան
Հանրային լրագրութեան ակումբ
«Լրագրողներ յանուն ապագայի» հկ
«Լրագրողներ յանուն մարդու իրաւունքների» հկ
Գորիսի մամուլի ակումբ
«ֆեմիդա» հկ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment