Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքու կը Պնդէ՝ Հայկական Կողմը Կրակ Բացած Է Քելբաջարի Շրջանի Ուղղութեամբ, Երեւան Կը Հերքէ

Պաքու կը Պնդէ՝ Հայկական Կողմը Կրակ Բացած Է Քելբաջարի Շրջանի Ուղղութեամբ, Երեւան Կը Հերքէ

by MassisPost

«Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումները առանց որեւէ պատճառաբանութեան կրակ բացած են Քելբաջարի շրջանի Զաիլիկ գիւղը տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ», յայտարարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը`նշելով, որ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքած է ատրպէյճանական կողմի տարածած հաղորդագրութիւնը:

«Դեկտեմբերի 8-ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, ըստ որի՝ ՀՀ զինուած ուժերը գնդակոծել են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական ԶՈՒ մարտական դիրքերը՝ ապատեղեկատուութիւն է։ Հայկական կողմը ատրպէյճանական ԶՈՒ ուղղութեամբ կրակ չի բացել», – ըսուած է ՀՀ ՊՆ հաղորդագրութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment