Սպիտակի երկրաշարժէն 33 տարի անց Գիւմրիի մէջ դեռ տնակներուն մէջ բնակող ընտանիքներ կան: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, վերջին հաշուառման արդիւնքներով Գիւմրիի մէջ 2776 տնակ կայ:
Շիրակի մարզի բնակարանաշինական ամենածաւալուն ծրագիրը երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ ԽՍՀՄ հանրապետութիւններու կողմէ կատարուած ծրագիրն էր: Այն ժամանակ մարզին մէջ կառուցուեցաւ 4 800 բնակարան, որոնցմէ 4500-ը՝ Գիւմրի: Անկէ յետոյ «Լինսի» հիմնադրամի միջոցներով մարզին մէջ 2 558 բնակարան կառուցուեցաւ, 2531-ը՝ Գիւմրի, «Կլենտըլ Հիլզ» կազմակերպութեան կողմէ՝ 3330 բնակարան, որմէ 2 812-ը՝ Գիւմրի: Անօթեւանութեան հարցի լուծման ուղղուած խոշոր ծրագիր էր նաեւ «Ուրպան» հիմնարկի՝ վկայագիրով բնակարանի գնման ծրագիրը. 2000-2004 թուականներուն մարզին մէջ բնակարան ձեռք բերաւ 4 838 ընտանիք (4091-ը՝ Գիւմրի):
Վերջին տարիներուն պետական բնակարանաշինական ծրագիրներ քաղաքին մէջ չեն իրագործուած: Քաղաքի նոր իշխանութիւնները կը փորձեն անօթեւանութեան խնդիրը մեղմացնել ու տնակները քաղաքէն վերացնել տարբեր բարեգործական կազմակերպութիւններու ու հիմնադրամներու միջոցներով. 40 բնակարան կը կառուցուի «Հայաստան» համահայկական, 16 բնակարան՝ «ԱՌՔ» բարեգործական հիմնադրամի կողմէ:
«Երկու դէպքում էլ որպէս խիստ նախապայման լինելու է տնակների ազատումը»,-«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին նշեց Գիւմրիի քաղաքապետ Վարդգէս Սամսոնեան: Քաղաքապետը տեղեկացուց, որ այս պահուն կայ 2776 տնակ, որոնցմէ 508-ը փակ են: ՀՀ կառավարութիւնը փորձ ըրաւ աղէտի գօտիի տնակները «ուշադրութեան կեդրոնը պահել», սակայն համավարակն ու Արցախեան պատերազմը խնդիրը ստուերի տակ ձգեցին:
«Յուսով եմ, որ 2022 թուականին կառավարութեան կողմից կը լինեն լուծումներ: Տնակում բնակուող իւրաքանչիւր ընտանիք անհատական մօտեցում է պահանջում»,- նշած է քաղաքապետը: