Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Արդէն Կ’արտադրէ «Սփութնիք Լայթ» Պատուաստը

Հայաստան Արդէն Կ’արտադրէ «Սփութնիք Լայթ» Պատուաստը

by MassisPost

Դեկտեմբեր 6-ին Հայաստանի դեղարդիւնաբերութեան առաջատար «ԼԻԿՎՈՐ» ընկերութենէն ներս կայացած է  Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ «Սփութնիք Լայթ» պատուաստի արտադրութեան մեկնարկին նուիրուած մամլոյ ասուլիսը։

Ասուլիսի բանախօսներն էին՝ ՀՀ Տնտեսութեան նախարար՝ Վահան Քերոբեան, ՀՀ առողջապահութեան նախարար՝ Անահիտ Աւանէսեան եւ  «ԼԻԿՎՈՐ» ՓԲԸ գլխաւոր տնօրէն Սերկէյ Մաթեւոսեան։ Նախքան ասուլիսը, նախարարները ընկերութեան տնօրէնին հետ միասին շրջայց կատարած են եւ ծանօթացած ընկերութեան արտադրական գործընթացներուն ու հզօրութիւններուն։

Ասուլիսի մեկնարկին Տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեան նշած է․ «Մենք բաւականին երկար ճանապարհ ենք անցել դեղարդիւնաբերութեան ոլորտում որակի ամենաբարձր չափանիշներին համապատասխանող «ԼԻԿՎՈՐ» հայկական ընկերութեան եւ մեր ռուս գործընկերների հետ, որպէսզի այսօր ունենանք Հայաստանում արտադրուած, որակի բոլոր չափանիշներին համապատասխանող պատրաստի արտադրանք, որը պատրաստ է մտնել շուկայ։ Այժմ նաեւ բանակցութիւններ են ընթանում արտահանման հնարաւոր ուղղութիւնների յստակեցման շուրջ»։ Ան աւելցուցած է, որ անցեալ շաբաթ Կառավարութեան հնգամեայ ծրագրով հրապարակուած է արդիւնաբերութեան հինգ գերակայ ոլորտներու ցանկը, որոնցմէ մէկը դեղագործութիւնն է։ Ան ընդգծած է, որ նախարարութեան գործունէութեան կիզակէտը պիտի ըլլայ դեղագործական ոլորտի զարգացումը՝ նման դեղագործական ընկերութիւններու հետ խոր համագործակցութեան շնորհիւ։

Առողջապահութեան նախարար՝ Անահիտ Աւանէսեան իր խօսքին մէջ նշած է․ ««Սփութնիք» պատուաստանիւթի երկու դեղաչափը ստանալուց 6 ամիս անց քաղաքացիները կը ստանան «Սփութնիք Լայթ» պատուաստանիւթի խթանիչ (պուսթըր) դեղաչափը: Ինչպէս միւս պատուաստանիւթերի դէպքում, այնպէս ալ այս դէպքում, պետութիւնը կը գնի պատուաստանիւթը, եւ քաղաքացիները դա կը ստանան անվճար: Առաջիկայ, շատ մօտ ժամկէտներում պետութիւնը կ’իրականացնի գնման գործընթացները, եւ այն առկայ կը լինի փոլիքլինիքաներում: Այս պատուաստանիւթը միանշանակ լինելու է մեր տեսականու մէջ: Եւ մեր քաղաքացիները հենց երրորդ՝ խթանիչ դեղաչափի համար կարող են դիմել եւ ստանալ «Սփութնիք Լայթ» տարբերակը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment