Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Դիմած Է Դատարան՝ Վլատիմիր Գասպարեանի Ու Անոր Ընտանիքի Գոյքի Բռնագանձման Հայցով

Դատախազութիւնը Դիմած Է Դատարան՝ Վլատիմիր Գասպարեանի Ու Անոր Ընտանիքի Գոյքի Բռնագանձման Հայցով

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութիւնը Դեկտեմբեր 2-ին դիմած է դատարան՝ Հայաստանի նախկին ոստիկանապետ՝ Վլատիմիր Գասպարեանի ու անոր ընտանիքի անդամներու ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման պահանջով։ Այդ մասին կը տեղեկանանք «Դատալեքս» տեղեկատուական հարթակէն։

Այս գործով կ’անցնին Վլատիմիր Գասպարեան, անոր կինը՝ Սուսաննա Գասպարեան, մայրը՝ Անժելա Գասպարեան, որդին ու դուստրը՝ Անկելինա եւ Վլատիմիր Գասպարեաններ, զոքանչը՝ Հեղուշ Գալստեան։ Հայցադիմումը նախ ներկայացուած է Նոյեմբեր 19-ին, ապա թերութիւններու պատճառով վերադարձուած, իսկ Դեկտեմբեր 2-ին նորէն ներկայացուած դատարան։ Հայցուորը ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վարչութեան դատախազ՝ Տիգրան Դաւթեանն է։ Յունիսին դատախազութիւնը Գասպարեանի ու անոր ընտանիքի գոյքերու հետ կապուած ուսումնասիրութիւն ըրած էր, ապա վերջիններս հրաւիրել՝ բացատրութիւններ ներկայացնելու։ Յուլիս 1-ին յայտնի դարձաւ, որ Գասպարեանին պատկանող գոյքի վրայ կալանք դրուած է։

Գլխաւոր դատախազի խորհրդական՝ Գոռ Աբրահամեան «Լուրեր»-ու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ դատարանը արդէն վարոյթ ընդունած է գործը։ Դատախազութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, դեռ չի մանրամասներ, թէ գործով Գասպարեանին ու անոր ընտանիքին պատկանող ո՞ր գոյքերը բռնագանձման ենթակայ են: «Դատախազութիւնը դեռեւս տեղեկատուութիւն չի տրամադրում այդ անձանց գոյքի վերաբերեալ, առաջիկայում հնարաւոր է հրապարակենք»,- ըսաւ Աբրահամեան։

Մինչ Գասպարեաններու գոյքի բռնագանձումը, Գլխաւոր դատախազութիւնը դատարան դիմած էր մէկ այլ հայցով՝ ԱԱԾ նախկին պաշտօնեայ, գնդապետ Սերոբ Յարութիւնեանէն ու անոր ընտանիքէն մօտաւոր 485 միլիոն դրամի գոյք բռնագանձելու համար՝ ներառեալ բնակարան Հիւսիսային պողոտայի վրայ, ինքնաշարժներու կայանատեղիներ ու ինքնաշարժներ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment