Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճան Հայկական Կողմին Փոխանցած Է 10 Հայազգի Զինծառայող

Ատրպէյճան Հայկական Կողմին Փոխանցած Է 10 Հայազգի Զինծառայող

by MassisPost

Դեկտեմբեր 4-ին Ատրպէյճան հայկական կողմին փոխանցած է 10 հայազգի զինծառայող, այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատվամիջոցները վկայակոչելով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պաշտօնական հաղորդագրութիւնը։

Գերատեսչութիւնը նշած է, որ հայկական կողմին փոխանցուած հայ զինծառայողները «ձերբակալուել էին 2021 թուականի նոյեմբերի 16-ին՝ պետական սահմանի Քելբաջարի ուղղութեամբ հայկական զինուած ուժերի սադրանքը ճնշելու ժամանակ»:

Հայկական կողմը Ատրպէյճանին փոխանցած է «ականապատ դաշտերու եւ բռնագրաւուածութենէն ազատագրուած Ատրպէյճանի Հանրապետութեան այլ տարածքներու քարտէզները»։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները վկայակոչելով՝ Ատրպէյճանի Անվտանգութեան ծառայութեան հաղորդագրութիւնը։

Գերատեսչութիւնը նշած է, որ քարտէզները ատրպէյճանական կողմին փոխանցուած են «բանակցութիւններու արդիւնքով»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment