Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեան Հանդիպած Է ԵԱՀԿ Գլխաւոր Քարտուղարին Հետ

Արարատ Միրզոյեան Հանդիպած Է ԵԱՀԿ Գլխաւոր Քարտուղարին Հետ

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեան ԵԱՀԿ Գլխաւոր քարտուղար՝ Հելկա Շմիտին ներկայացուցած է ՀՀ ինքիշխան տարածքի նկատմամբ «ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած յարձակողականին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը»։

Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանի իրավիճակի ապամագլցումի եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ՝ միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ «ատրպէյճանական կողմի շարունակական սադրիչ գործողութիւնները, բարձրագոյն ղեկավարութեան հայատեացութիւնն ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը խաթարում են այդ ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը»։

Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական խնդիրներուն՝ Միրզոյեան շեշտած է Ատրպէյճան պահուող հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու անվերապահ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը։ Ան կարեւորած է նաեւ ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանումը։

Արարատ Միրզոյեան նշած է, որ ուժի կիրառմամբ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ ստեղծուած իրադրութիւնը չի կրնար հիմք հանդիսանալ խնդիրի լուծման համար: Ընդգծուած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ՝ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով ԼՂ հակամարտութեան համապարփակ ու տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարը կարեւորած է ԵԱՀԿ-ի եւ անոր գործադիր կառոյցներու հետ Հայաստանի արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը ու ԵԱՀԿ-ի երեք հարթութիւններով նախագիծներու իրագործումը՝ ուղղուած համապարփակ եւ համագործակցային անվտանգութեան հայեցակարգի ամրապնդման։

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի համագործակցութեան ծրագրի (ACP) հետագայ զարգացման հեռանկարներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment