Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանի Զինուորականները Սպաննած Են 65-Ամեայ Արցախցին

Ատրպէյճանի Զինուորականները Սպաննած Են 65-Ամեայ Արցախցին

by MassisPost

Ատրպէյճանի զինուորականները բռնութիւն գործադրած են ու սպաննած Արցախի 65-ամեայ բնակիչը, յայտնած է Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:

Արցախի ԱԱԾ-ն աւելի վաղ յայտնած էր, որ Մարտունիի շրջանի Ճարտար քաղաքի 65-ամեայ բնակիչը մոլորուելու հետեւանքով յայտնուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ:

«Այսօր ժամը 13։00-ի սահմաններում Ատրպէյճանի զինուորականները մուտք են գործել ԱՀ Մարտունու շրջանի Ճարտար քաղաքի վարչական տարածքի հարեւանութեամբ տեղակայուած չէզոք գօտի եւ բռնութիւն գործադրել նոյն քաղաքի բնակիչ, ԱՀ քաղաքացի, անասնապահութեամբ զբաղուող, 1956թ. ծնուած Սէյրան Սարգսեանի նկատմամբ, որից յետոյ նրան տեղափոխել են ատրպէյճանական յենակէտ, որտեղ Ս. Սարգսեանին դիտաւորութեամբ ապօրինաբար կեանքից զրկել են», – ըսուած է տարածուած հաղորդագրութեամբ։

Ըստ Արցախի ԱԱԾ-ին՝ դէպքի հանգամանքները արձանագրած են արցախեան կողմը տեղադրուած տեսախցիկները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment