Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՆԻՖ-ը Հայաստան Կը Բերէ Նոր Խոշոր Գործընկերներ

ԱՆԻՖ-ը Հայաստան Կը Բերէ Նոր Խոշոր Գործընկերներ

by MassisPost

Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտը (այսուհետ՝ ԱՆԻՖ) ստեղծուած է արտասահմանեան ներդրումներու ներգրաւման, արտածման աճի խթանման եւ Հայաստանի մէջ լայնածաւալ նախագիծերու մէջ ներդրումները համաֆինանսաւորելու նպատակով։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսաւ ԱՆԻՖ-ի տնօրէն Դաւիթ Փափազեան:

Դաւիթ Փափազեանի խօսքով` իւրաքանչիւր խոշոր ներդրումային ծրագիր կ’ենթադրէ ամիսներու, երբեմն տարիներու աշխատանք, մինչեւ տեսանելի ըլլայ հանրութեան։ 2021-ի Յուլիսին յայտարարուեցաւ այդպիսի ծրագիրներէն մէկու՝ «Էյր Արապիա»-ի հետ համատեղ ազգային օդանաւային ընկերութիւն ստեղծելու մասին, որ անուանուած է «Fly Arna» («Ֆլայ Արնա»): «Fly Arna» ազգային օդանաւային ընկերութիւնը 2022 թուականի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն կը սկսի կանոնաւոր թռիչքներ՝ նախնական չորս ուղղութիւններով:

Խոշոր նախագիծերէն մէկն ալ Հայաստանի արդիւնաբերական մաշտապի ամենամեծ՝ 200 մեկաուաթ հզօրութեամբ արեւային ուժանիւթի ծրագրի իրագործման համար 174 միլիոն տոլարի ներդրումն է։

«Յաղթողը միջազգային համբաւ ունեցող «Մաստար» ընկերութիւնն է Ապու Տապիից, որը վերականգնուող ուժանիւթի գծով մի քանի առաջատար ընկերութիւններից է աշխարհում։ Մեր մասնակցութիւնը այստեղ 15% է։ Ծրագիրը կարեւոր է ամէն առումով՝ թէ նման խոշոր ներդրող ու միջազգային ճանաչուած ընկերութիւն Հայաստան բերելու, թէ Հայաստանը որպէս նման գործընկեր ունեցող ներդրումային ուղղութեան ներկայացնելու առումով։ Բացի այդ, յատկապէս կարեւոր է, որ այս ծրագրով Հայաստանը մեծ քայլ է անում ժամանակակից աշխարհում ահռելի կարեւորութիւն ձեռք բերող ոլորտում՝ վերականգնուող ուժանիւթում նման մասշտապային ծրագիր անելու ուղղութեամբ: Նշեմ, որ կայանները էլեկտրականութիւն կը սկսեն վաճառել մօտաւորապէս 2024 թուականի վերջերին»,- ըսաւ Փափազեան:

Փափազեան նշեց, որ այս պահուն կը քննարկուի նաեւ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ շարունակական ծրագիրներու հնարաւորութիւնը։ ԱՆԻՖ-ը նաեւ այլ ծրագիրներու մէջ հաւանական ներդրողներու հետ քննարկումներու մէջ է, եւ անոնք այն գործընթացներն են, որոնց արդիւնքներու մասին հանրութիւնը կ’իմանայ անոնց նիւթականացումէն ետք։

«Անցնելով մեր երկրորդ մանտաթին՝ դրամագլուխի ներդրմանը, նշեմ, որ մէկ տարուայ ընթացքում ԱՆԻՖ-ի անձնակազմը հետազօտել է 200-ից աւելի յայտ «Ձեռնարկատէր+պետութիւն. հակաճգնաժամային ներդրումներ» հիմնադրամի շրջանակներում, որոնցից եօթը հաստատուել են, մէկը հաստատուելուց յետոյ չեղարկուել է: Այս պահին միւսներն էլ ինչ-որ ընթացքի մէջ են: Կան դէպքեր էլ, որ մեզ են մերժել, քանի որ մենք աշխատում ենք գործընկերութեան ձեւաչափով: Շատ կարեւոր է իմանալ, որ մենք հնարաւոր գործընկեր ենք, այլ ոչ թէ պարտադրուած»,- ըսաւ Փափազեան

ԱՆԻՖ-ի բոլոր ծրագիրները ուղղուած են շահագրգիռ կողմերուն օգուտ տալուն, տնտեսական, ընկերային եւ բնապահպանական կայունութեան՝ համապատասխան չափանիշներու պահպանմամբ։

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment