Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Սիսական» Ջոկատի Հրամանատար Աշոտ Մինասեան Կը Կալանաւորուի

«Սիսական» Ջոկատի Հրամանատար Աշոտ Մինասեան Կը Կալանաւորուի

by MassisPost

«Սիսական» ջոկատի հրամանատար, «Աշոտ Երկաթ» մականուամբ յայտնի Աշոտ Մինասեան կը կալանաւորուի․ վերաքննիչը բաւարարած է դատախազութեան բողոքը, «Ազատութիւն»-ին հաղորդեց գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան:

Մինասեանին մեղադրանք առաջադրուած էր իշխանութեան իւրացման նախապատրաստման, պետական, քաղաքական կամ հասարակական գործիչի, մասնաւորապէս, Հայաստանի վարչապետի գործունէութիւնը դադրեցնելու նպատակով անոր սպաննութեան նախապատրաստման, այդ նպատակով խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելու եւ պահելու յանցաւոր արարքները կատարելու համար։

2020 թուականի Նոյմեբեր 9-ի հրադադարի յայտարարութենէն օրեր անց ԱԱԾ-ն հաղորդեց, որ յանցագործութեան նախապատրաստութեան փուլին կանխած է խումբ մը անձերու կողմէ նախնական համաձայնութեամբ պետական գործիչի սպաննութեան, բռնութիւն գործադրելու միջոցով Հայաստանի կառավարութեան լիազօրութիւններուն տիրանալու, ինչպէս նաեւ բացայայտած է խումբ մը անձերու  կողմէ այդ նպատակով ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք եւ պայթուցիկ նիւթեր ձեռք բերելու եւ պահելու դէպքեր:

Այս գործով ձերբակալուեցան շարք մը անձեր, անոնց կարգին՝ «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար՝ Արթուր Վանէցեան, ՀՀ ԱԺ նախկին պատգամաւոր, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար՝ Վահրամ Բաղդասարեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ՝ Աշոտ Աւագեան, ինչպես նաեւ Սիսիանի կամաւորականներու ջոկատի հրամանատար՝ Աշոտ Մինասեան, ապա ազատ արձակուեցան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment