Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի, Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Յատուկ Ջոկատայինները Աւարտած Են Համատեղ Զօրավարժութիւնները

Հայաստանի, Յունաստանի Եւ Կիպրոսի Յատուկ Ջոկատայինները Աւարտած Են Համատեղ Զօրավարժութիւնները

by MassisPost

Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի յատուկ ջոկատայիններ աւարտած են Close Quarter Battle 2021 համատեղ զօրավարժութիւնները։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այդ մասին գրած է Greek City Times կայքը։

Համատեղ զօրավարժութիւններու նպատակը յատուկ նշանակութեան միաւորուած ուժերու մարտունակութեան եւ փոխգործակցութեան բարձրացումն էր մարտական պայմաններու մէջ։ Դասընթացը ներառած է արագ արձագանգման մարտական հրաձգութիւն, շարժող թիրախներու ոչնչացում, գիշերային ու քաղաքային մարտեր, բնակելի թաղամասերու մէջ մեռեալներու եւ վիրաւորներու հետ աշխատանքներ:

«Նման զօրավարժութիւնները Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ Եռակողմ համագործակցութեան ծրագրի հետ միասին, կ’արտացոլեն երեք երկիրներու զինուած ուժերու հիանալի համագործակցութիւնը»,- յայտարարած է Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment