Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մոսկուան Պատրաստ Է Միջնորդել Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Հաստատման Հարցին

Մոսկուան Պատրաստ Է Միջնորդել Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Հաստատման Հարցին

by MassisPost

Պաշտօնական Մոսկուան հաստատած է, որ Երեւանը խնդրած է միջնորդել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման հարցով, Ռուսաստանը պատրաստ է գործել։ Այդ մասին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան։

«Նման գործընթացի մեկնարկը, մեր կարծիքով, անկասկած կը նպաստէ տարածաշրջանի ընդհանուր իրավիճակի առողջացման», – ըսած է ռուսաստանցի պաշտօնեան։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Վահան Յունանեան շաբթուայ սկիզբը «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած էր, որ Երեւանը յայտնած է Մոսկուային, որ պատրաստակամ է առանց նախապայմաններու հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացի։

Զախարովան նաեւ նշած է, որ Ռուսաստան կը ձեռնարկէ բոլոր միջոցները տարածաշրջանի տնտեսական եւ փոխադրային կապերը վերականգնելու ուղղութեամբ։

«Մենք կը ձեռնարկենք բոլոր քայլերը տարածաշրջանի մէջ խաղաղ կեանքի հաստատման եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։ Յատուկ ուշադրութիւնը, ի հարկէ, այժմ կեդրոնացած է առեւտրատնտեսական ու փոխադրային կապերու վերականգնման եւ զարգացման վրայ», – ըսած է Ռուսաստանի ԱԳՆ խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment