Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարան Երեւանին Կրկին Կոչ Կ’ընէ Ընդառաջալու Խաղաղութեան Մեկնուած Ձեռքին

Անգարան Երեւանին Կրկին Կոչ Կ’ընէ Ընդառաջալու Խաղաղութեան Մեկնուած Ձեռքին

by MassisPost

Անգարան կրկին Երեւանին կոչ կ’ընէ ընդառաջելու խաղաղութեան մեկնուած ձեռքին եւ օգտուիլ ստեղծուած հնարաւորութենէն:

Նախօրէին նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի նախագահութեամբ գումարուած Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին օրակարգային շարք մը հարցերու կարգին քննարկուած են նաեւ Կովկասեան տարածաշրջանի վերջին զարգացումները:

Շուրջ երեք ժամ տեւած նիստէն յետոյ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Նիստին քննարկուած են Սեւծովեան եւ Կովկասեան տարածաշրջանի վերջին զարգացումները, ընդգծուած է մեր հիւսիսային հարեւաններու միջեւ միջազգային իրաւունքի եւ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ, խաղաղ ճանապարհով անհամաձայնութիւններու շուտափոյթ հարթման կարեւորութիւնը: Բացի այդ, կարեւորուած է Հայաստանի կողմէ հրադադարի պահպանման եւ խաղաղութեան առաջարկէն օգտուելով համագործակցութեան երթալու անհրաժեշտութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment