Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փութին Յոյս Ունի, Որ Առաջիկային Որոշումներ Ընդունիլը Հաղորդակցութեան Միջոցներու Ապաշրջափակման Վերաբերեալ Յաջողութիւն Կը Գտնէ

Փութին Յոյս Ունի, Որ Առաջիկային Որոշումներ Ընդունիլը Հաղորդակցութեան Միջոցներու Ապաշրջափակման Վերաբերեալ Յաջողութիւն Կը Գտնէ

by MassisPost

Այսօր՝ Նոյեմբեր 26-ին Սոչիի մէջ կայացաւ Փութին-Ալիեւ-Փաշինեան եռակողմ հանդիպումը, որուն սկզբնաւորութեան Ռուսաստանի նախագահը յոյս յայտնեց, թէ մօտ ժամանակներս կրնան որոշումներ ընդունուիլ Ղարաբաղի փոխադրային հաղորդակցութիւնները բանալու մասին։

«Կան հիմքեր ենթադրելու, որ առաջիկայ ժամանակներուն մենք ոչ միայն կը հաստատենք ճանապարհներու ապաշրջափակման հարցերով համապատասխան խումբի գործունէութիւնը, այլ նաեւ կ’ընդունինք բոլորի համար անհրաժեշտ որոշումներ», – հանդիպման մեկնարկին յայտարարեց Ռուսաստանի նախագահը։

Վլատիմիր Փութինը նաեւ յոյս յայտնեց, որ մօտ ժամանակներս կողմերը կը սկսին աշխատանքները սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման շուրջ։ Ռուսաստանի նախագահը չյստակացուց, թէ ինչ ըսել է մօտ ժամանակներս, եւ արդեօք այսօր կը ստորագրուի՞ որեւէ փաստաթուղթ, փոխարէնը ընդգծեց, որ Ռուսաստանը ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու միջեւ ցանկացած շփում, անոնց կարգին՝ Դեկտեմբեր 15-ին Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք հանդիպումը։ Փութինը, միեւնոյն ժամանակ, յոյս յայտնեց, որ այսօրուայ հանդիպման կողմերը «որոշակի քայլեր կը ձեռնարկեն եռակողմ ձեւաչափով, որպէսզի պրիւքսէլեան հանդիպումը աւելի արդիւնաւէտ անցնի»։

«Ատրպէյճանը բազմիցս առաջարկած է անյապաղ սկսիլ սահմանազատման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ բազմիցս բարձրաձայնած է խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու հարցը, որպէսզի երկու երկիրները ճանաչեն իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ այսուհետ շարունակեն ապրիլ որպէս հարեւաններ», – ընդգծեց ան։

Հայաստանի վարչապետը Փութինի եւ Ալիեւի հետ չհամաձայնեցաւ, որ իրավիճակը հրադադարէն յետոյ հանգիստ էր, նշեց, որ եղած են միջադէպեր, բացի այդ խօսեցաւ Երեւանի համար առանցքային հարցերու՝ գերիներու վերադարձին, Հայաստանի տարածք մտած ատրպէյճանական զինուժի եւ ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման մասին։

«Ուզում եմ ընդգծել, որ իրավիճակը այնքան էլ կայուն չէ, որքան կը ցանկանայինք։ Անցած տարուայ Նոյեմբերի 9-ից յետոյ մի քանի տասնեակ մարդ է զոհուել՝ երկու կողմերից, միջադէպեր են լինում նաեւ Լեռնային Ղարաբաղում։ Մայիսի 12-ից մենք փաստացի ճգնաժամային իրավիճակ ունենք հայ-ատրպէյճանական սահմանին, մեր գնահատականով, Ատրպէյճանի զօրքը ներխուժել է Հայաստանի ինքնիշխան տարածք», – ընդգծած է Փաշինեան։

Ասոր հետ մէկտեղ Հայաստանի վարչապետը պնդեց, թէ պատրաստ է բանակցիլ: «Այսօր չենք հաւաքուել միայն խնդիրներից խօսելու համար, այլ՝ դրանք կարգաւորելու», – ըսաւ ան, աւելցնելով, որ Հայաստանը նոյնպէս պատրաստ է սկսիլ սահմանազատման աշխատանքները եւ շահագրգռուած է ճանապարհներու ապաշրջափակմամբ։

Անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման՝ Փաշինեան պնդեց, որ այդ հարցի շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիի ներքոյ։

pashinyan-putin-Aiyev-11-26-21

Փաշինեանը, Փութինն ու Ալիեւը Նոյեմբեր 26-ին Ձեռք Բերուած Պայմանաւորուածութիւններուն Մասին
Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինը՝ Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ մօտ երեք ժամ շարունակուած բանակցութիւններէն ետք յայտարարեց. «Յաջորդ շաբաթ Հայաստանի, Ռուսաստանի ու Ատրպէյճանի փոխվարչապետները պիտի հանդիպին Մոսկուայի մէջ եւ յայտարարեն որոշակի պայմանաւորուածութիւններու մասին, որոնց շուրջ երեք երկիրներու առաջնորդները այսօր համաձայնած են»:

Փութին նշած է, որ բանակցութիւնները անցած են կառուցողական մթնոլորտի մէջ։ «Մենք շատ մանրամասն խօսեցանք տնտեսական միջանցքներու, առաջին հերթին՝ երկաթուղային եւ ճանապարհներու ապաշրջափակման մասին», – ըսած է Փութինը։

Ռուսաստանի նախագահը յոյս յայտնած է, որ այսօրուայ՝ Նոյեմբեր 26-ի բանակցութիւններէն յետոյ տարածաշրջանի բոլոր կապերը եւ ճանապարհները բացուին։

«Հաղորդակցութեան ուղիները, փոխադրային երթուղիները, որոնք այսօր եռակողմ ձեւաչափով քննարկեցինք, ծայրայեղ կարեւոր են, ընդ որում՝ կարեւոր տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն, անոնց կարգին՝ Ռուսաստանի համար, քանի որ մենք շահագրգռուած ենք, որ մեր ռազմավարական գործընկեր Հայաստանի հետ հաղորդակցութեան ուղիները ըլլան յուսալի, բազմակողմ, հեշտ գործածուող եւ ամբողջ տարին աշխատող», – ըսած է Փութին։

Ատրպէյճանի նախագահը յայտարարած է, թէ կողմերու միջեւ անկեղծ ու շատ մանրազննին քննարկում եղած է «փոխադրային երակներու ապաշրջափակման շուրջ»։

«Մենք բաց քննարկեցինք մեր ծրագիրները, բաց քննարկեցինք երկու կողմին անհանգստութիւն պատճառող հարցերը։ Կարեւորը այն է, որ որոշումները, զորս մենք ընդունեցինք՝ տարաձայնութիւններու ու վէճերու կարգաւորման հարցով, կը նպաստեն, որ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ դառնայ աւելի անվտանգ ու կանխատեսելի», – ըսած է Իլհամ Ալիեւը։

Հայաստանի վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է հանդիպման արդիւնքներէն։ «Մենք քննարկեցինք օրակարգի բոլոր հարցերը։ Սա հանդիպում էր ոչ թէ հարցերը թաքցնելու, այլ՝ դրանք բաց քննարկելու համար։ Շատ դրական է, որ մի շարք հարցերի շուրջ յստակեցրեցինք դիրքորոշումները, եւ պարզուեց, որ որոշ հարցերի շուրջ չկայ որեւէ թիւրընթերցում, ինչպէս թւում էր մինչ այս հանդիպումը», – նշած է Փաշինեան:

Բացի այդ, կողմերը, ըստ Ռուսաստանի նախագահին, համաձայնած են նաեւ մինչեւ այս տարուայ վերջ մեքենականութիւններ ստեղծել՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման համար։ «Յոյս ունիմ, որ այդ տեղի կ’ունենայ որքան հնարաւոր է արագ»,-ըսած է Փութինը։

Ռուսաստանի նախագահի խօսքով, կողմերը յաջողած են նաեւ առաջընթաց արձանագրել մարդասիրական հարցերու կարգաւորման ուղղութեամբ։ Մանրամասնութիւններ առայժմ չեն հրապարակուած։

Իլհամ Ալիեւը, անդրադառնալով այս հարցին, պնդած է, թէ Պաքուն աւելի քան հարիւր գերի վերադարձուցած է հայկական կողմին։ «Այսօր ալ վերադարձուած է մէկ հայ վիրաւոր զինծառայող, որուն Ատրպէյճանցի բժիշկները օգնութիւն ցուցաբերած էին, ինչպէս նաեւ մէկ քաղաքացիական անձ, որ մոլորուած էր», – ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը, աւելցնելով. – «Ատրպէյճանը միշտ հանդէս եկած է մարդասիրութեան գերակայութեան սկզբունքէն, եւ մենք մտադիր ենք շարունակել աշխատանքը այդ ուղղութեամբ»։

Աւելին, Ալիեւ պնդած է, թէ Պաքուն այժմ հայկական կողմէն համագործակցութեան ուղղուած դրական միտումներ կ’արձանագրէ։

«Հայկական կողմէն մենք կը տեսնենք մտադրութիւն՝ ստեղծելու նախադրեալներ, որպէսզի իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ ըլլայ աւելի կանխատեսելի։ Ես բազմիցս ըսած եմ, որ մենք Ատրպէյճանի մէջ նպատակադրուած ենք փակել Հայաստանի հետ բազմամեայ հակամարտութեան էջը, սկսիլ բնական փոխգործակցութեան փուլ, եւ կը կարծեմ, որ այս ձեւաչափով մենք կը հասնինք մեր նպատակներուն», – ըսած է Ատրպէյճանի առաջնորդը։

Հայաստանի վարչապետը, իր հերթին, պնդած է, թէ կողմերը ընդհանուր պատկերացում ունին տարածաշրջանի փոխադրային կապերու եւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման շուրջ։ Անդրադառնալով սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցին՝ Փաշինեան ընդգծած է, որ կողմերը պայմանաւորուած են համապատասխան պայմաններ, հայ-ատրպէյճանական սահմանին անվտանգութեան ու կայունութեան մեքենականութիւններ ստեղծել։ Մանրամասնութիւններ, սակայն, չէ յայտնած։

«Ես, ընդհանուր առմամբ, այսօրուայ հանդիպումն ու քննարկումը շատ դրական եմ գնահատում։ Ուզում եմ եւս մէկ անգամ շնորհակալութիւն յայտնել մեր ռազմավարական դաշնակցին՝ Ռուսաստանի Դաշնութեանը՝ այս նախաձեռնութեան համար։ Ես վերահաստատում եմ, որ Հայաստանը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը, որը ստացել է ժողովրդի մանտաթը, պատրաստ է խաղաղութեան դարաշրջան բացել մեր երկրի եւ մեր տարածաշրջանի համար։ Մենք նպատակադրուած ենք դրան», – յայտարարած է Հայաստանի վարչապետը։

Եռակողմ հանդիպման աւարտին Ռուսաստանի նախագահը որպէս յուշանուէր՝ Ձիթենիի ճիւղեր նուիրած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջնորդներուն՝ իբրեւ խաղաղութեան ու բարգաւաճման խորհրդանիշ։ «Յոյս ունիմ, որ այսօր ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կ’իրագործուին, եւ պայմաններ կը ստեղծեն յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ հետագայ քայլերու համար», – ըսած է Փութին։

Երեք առաջնորդները այսօրուայ բանակցութիւններու ի արդիւնք նաեւ յայտարարութիւն ընդունած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment