Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան Հեռախօսով Իսրայէլի ԱԳ Նախարարին Ներկայացուցած Է Ատրպէյճանի Վերջին Յարձակումի Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը

Միրզոյեան Հեռախօսով Իսրայէլի ԱԳ Նախարարին Ներկայացուցած Է Ատրպէյճանի Վերջին Յարձակումի Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Արարատ Միրզոյեան Եաիր Լափիտին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ կատարուած վերջին յարձակումի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը:

Հայաստանի եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարները հեռախօսով քննարկած են նաեւ հայ-իսրայէլեան առկայ յարաբերութիւնները եւ հեռանկարները:

Ըստ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան՝ Միրզոյեան ու Լափիտ անդրադարձած են նաեւ Սուրբ Հողի հայկական պատմամշակութային ու կրօնական ժառանգութեան առնչուող հարցերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment