Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միրզոյեանն ու Լաւրովը Քննարկած Են Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Վերաբերող Հարցեր

Միրզոյեանն ու Լաւրովը Քննարկած Են Ղարաբաղեան Հակամարտութեան Վերաբերող Հարցեր

by MassisPost

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները հեռախօսազրոյցով քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցեր:

Հայկական կողմի հաղորդմամբ` կարեւորուած է խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու համապարփակ կարգաւորումը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ:

Արարատ Միրզոյեան Սերկէյ Լաւրովին ներկայացուցած է «Ատրպէյճանի ԶՈՒ կողմից Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ իրականացուած վերջին յարձակողականի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը» եւ կարեւորած հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու դերը` տարածաշրջանի կայունութեան հաստատման ուղղուած ջանքերու շրջածիրէն ներս:

Արարատ Միրզոյեան եւ Սերկէյ Լաւրով քննարկած են նաեւ եռակողմ յայտարարութիւններով կողմերու պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքը։

Հեռախօսազրոյցի մասին ռուսական կողմը դեռ չէ հաղորդած:

Այսօր՝ Նոյեմբեր 24-ին, Երեւանի մէջ իր հերթին վարչապետ Փաշինեան ընդունած է Ռուսաստանի փոխվարչապետը եւ ԱԳ փոխնախարարը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment