Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանեան Կայքը Թշնամիին Ձեռնտու Սենարով «Տեղեկութիւններ» Կը Տրամադրէ

Հայաստանեան Կայքը Թշնամիին Ձեռնտու Սենարով «Տեղեկութիւններ» Կը Տրամադրէ

by MassisPost

«Նման հրապարակումները շատ վտանգաւոր են։ Դրանք ակնյայտ պատուիրուած են եւ յստակ նպատակ են հետապնդում։ Այդ կայքի խմբագիրը չէր կարող ինքնուրոյն  նման ճարտարագիտական հնարք մտածել եւ դնել շրջանառութեան մէջ։ Դա ինչ-որ մէկին պէտք է եղել»,- անդրադառնալով Politik.am-ի հրապարակման՝ Civic.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Արցախի խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, քաղաքագէտ Վահրամ Աթանէսեան։

Նշենք, որ կայքը նախօրէին տեղեկութիւն տարածած էր, թէ շաբաթներ առաջ Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի Մոսկուա այցը շատ վատ անցած է։ Իբրեւ թէ «ռուսական կողմը խիստ զայրացել է Արայիկ Յարութիւնեանի վրայ։ Յարութիւնեանին ասել են, որ ռուսական կողմը ամէն բան արել է, որ ինքը շարունակի Արցախում մնալ իշխանութեան գլուխ, բայց փոխարէնը ոչինչ չեն ստացել»։

Ապա, ըստ նոյն կայքին, Մոսկուայէն վերադառնալէն յետոյ Յարութիւնեան իբրեւ թէ գացած է Փաշինեանի հետ հանդիպման, եւ այդ հանդիպումը եւս անցած է լարուած մթնոլորտի մէջ, հնչած են վիճաբանութեան ձայներ։

Կայքը այսքանով չէ սահմանափակուած եւ աւելի ճոխացուցած է սենարը՝ գրելով, որ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն յետոյ Արայիկ Յարութիւնեանը հանդիպած է ռուս խաղաղապահներու հետ եւ անոնց ինչ-որ կրիչ փոխանցած է՝ ակնարկելով, որ ատիկա Փաշինեանի հետ իրենց խօսակցութեան ձայնագրութիւնը եղած է ։

«Հայաստանեան, երեւանեան կայքը, անանուն աղբիւրներին յղում անելով, տեղեկատուութիւն է տարածում, որ ՀՀ վարչապետի ու Արցախի նախագահի հանդիպումն աւարտուել է գոռգոռոցներով, որ Արցախի նախագահի այցը Մոսկուա տապալուել է, որ Արցախի նախագահի ու ռուս խաղաղապահ զօրախմբի հրամանատարութեան յարաբերութիւնները լարուած են եղել։ Սրանք տեղեկութիւններ են, որոնք ստանալու համար թշնամական կողմը պէտք է մեծագոյն ջանքեր գործադրի՝ չհաշուած այն հանգամանքը, թէ դա որքանով է համապատասխանում իրականութեանը։ Սրանք այն հարցերն են, որոնք հետաքրքրում են թշնամական կողմին, եւ հայաստանեան կայքը թշնամական կողմին տեղեկութիւններ է տրամադրում, ընդ որում՝ թշնամական։ Ըստ այդ կայքի՝ ստացւում է, որ ՀՀ կառավարութիւնում կամ Արցախի խորհրդարանում կան մարդիկ, շրջանակներ, որոնք հակառակորդին ցանկալի ֆոն են ստեղծում Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւնների, Արցախի իշխանութիւն-ռուսական խաղաղապահ զօրախմբի հրամանատարութիւն յարաբերութիւնների վերաբերեալ»,- ըսաւ Աթանէսեան՝ աւելցնելով, որ անկասկած այդ տեղեկատուութիւնը պիտի յայտնուի թշնամական երկրի տեղեկատուական դաշտ, եւ քաղաքական շրջանակներուն մէջ պիտի քննարկուի այդ տեղեկատուութիւնը, իսկ յատուկ ծառայութիւնները պիտի ուսումնասիրեն եւ փորձեն ձեռնարկել քայլեր, որպէսզի իրավիճակը տարուի դէպի այն պատկերը, որ հրապարակուած է այդ կայքով։

ՀՀ կառավարութենէն հրաժարեցան մեկնաբանել, թէ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի Մոսկուա այցէն յետոյ վերջինս Փաշինեանի հետ հանդիպա՞ծ է, թէ՞ ոչ, եւ թէ ի՞նչ մթնոլորտի մէջ անցած է այդ հանդիպումը։ ՀՀ Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արմէն Խաչատրեան ըսաւ, որ այդ կայքի որեւէ հրապարակում ինք չի մեկնաբաներ։

Նոյն պատասխանը ստացանք նաեւ Արցախի նախագահի խօսնակէն։ «Առանց մեկնաբանութեան»,- եղաւ պատասխանը։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment